«Մայրենիի Դեսպան»-ի կոչման արժանացաւ Զմմառեան Միաբանութեան ժառանգաւորաց ուսուցչուհին

«Այսօր մեր ամենադաժան եւ ամենահրեշային

թշնամին ուծացումն է, առ այդ օտար հողում

հայապահպանութեան երաշխիքը

հայոց լեզուն է»:

ՀՀ Սփիւռքի նախարարուհի՝ Տիկ. Հրանուշ Յակոբեան

 Սփիւռքի տարածքին առկայ ուծացման վտանգը կանխելու ուղիները որոնող՝  ՀՀ Սփիւռքի նախարարուհի Տիկ. Հրանուշ Յակոբեանը իր ծաւալած հայրենանուէր աշխատանքներու ծիրին մէջ միայն դրուատանքի խօսքեր չէ որ կը շռայլէ հայոց լեզուի անձնուրաց ուսուցիչներու հասցէին, այլ՝ իր կազմակերպած շնորհակալ նախաձեռնութիւններովը կը խրախուսէ եւ կ’ոգեւորէ ուսուցիչներուն՝ շնորհելով անոնց պարգեւներ, որը առաւել պարտաւորութիւն եւ պատասխանատուութիւն կը թելադրէ վարձատրուողէն: Իրեն հասցէագրուած պարգեւը սատար կը հանդիսանայ, որ ան յառաջիկային աւելի բծախնդիր հոգածութիւն ցուցաբերէ առաքելութեան մէջ, եւ կը մղէ անոր օտար ափերուն մէջ հայապահպանութեան սրբազան գործին մէջ նորանոր նախաձեռնութիւններու:

12 Յունիս 2014-ի կեսօրուան ժամը 12:30-ին Լիբանանի մէջ ՀՀ դեսպանատան յարկէն ներս «Մայրենիի Դեսպան» մետալով պարգեւատրուեցաւ Զմմառեան Միաբանութեան Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան ժառանգաւորաց ուսուցչուհի եւ Ս. Միքայէլ Ընծայարանի «Կանչ Հրեշտակապետին» տարեգիրքի խմբագիր Օրիորդ Սօսէ Փիլաւճեանը:

ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ շնորհուած մետալը յանձնեց Լիբանանի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան տիար Աշոտ Քոչարեանը ներկայութեամբ Զմմառեան միաբանութեան Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան ժառանգաւորաց եւ Ս. Միքայէլ Ընծայարանի տեսուչ Գերապատիւ Բարսեղ վրդ. Պաղտասարեանի եւ փոխ տեսուչ Գերապատիւ Մաշտոց վրդ. Զահթէրեանի:

Հանդիպման ընթացքին Դեսպանը իր բարեմաղթութիւնները փոխանցեց Օրդ. Սօսէին եւ աւելցուց. «Սոյն մետալը ձեզմէ կը պահանջէ ըլլալ առաել յանձնառու եւ նախաձեռնող ձեզի վստահուած առաքելութեան մէջ», եւ բարի երթ մաղթելով՝ եզրափակեց խօսքը:

Հ. Մաշտոց վրդ. Զահթէրեան

Փոխ տեսուչ  Զմմառեան Միաբանութեան Եր. Իգնատիոս Մալոյեան Ժառանգաւորաց եւ Ս. Միքայէլ Ընծայարանի

Scroll Up