Ուրֆայի Եկեղեցին Ախոռի Վերածուած է
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/06/Ourfa_Yegeghetsi.jpg)
Թուրքիոյ Ուրֆա նահանգի (Եդեսիա) հայկական Գերմուշ (Կամուրջ) գիւղի հայկական եկեղեցին, որ երկու տարի առաջ զբօսաշրջային կեդրոն յայտարարուած էր, կը շարունակէ անխնայ թալանի ենթարկուելու անյայտ անձերու կողմէ:
Ըստ թրքական Yeniurfagazetesi կայքէջին, Գերմուշ գիւղի բնակիչները անհանգստացած են, որ 1895 թուականին Հայերու կողմէ կառուցուած եկեղեցին 1915էն ետք բախտի քմահաճոյքին յանձնուած է: Թէեւ եկեղեցին զբօսաշրջային կեդրոն յայտարարուած է եւ 2013ին` յատուկ մաքրութեան ենթարկուած, սակայն ան կը շարունակէ մնալ գանձագողերու թիրախը:
Գիւղի բնակիչները նշած են, թէ անցեալ տարի լուր տարածուած էր, որ եկեղեցին կ՚օգտագործուի որպէս ախոռ, որմէ ետք իշխանութիւնները որոշ ժամանակ ուշադրութիւն դարձուցած են եկեղեցիին եւ ապա` դարձեալ մոռցած:
«Նոր Յառաջ»