Խաչատրեան եռանուագի բացառիկ նուագահանդէսը՝ նուիրուած Արամ Խաչատրեանի ծննդեան 110-ամեակին

Հ.Բ.Ը.Մ.ի նախաձեռնութեամբ եւ հովանաւորութեամբ Բրիտանիոյ եւ Իռլանտայի Թեմին, Բրիտանիոյ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանութեան եւ Համայնական Խորհուրդին, նշուեցաւ Արամ Խաչատրեանի ծննդեան 110-ամեակը, Սուրբ Եղիշէ եկեղեցի-համերգասրահին մէջ։

Այս բացառիկ տարեդարձը նշելու համար Հ.Բ.Ը.Մ.ի Լոնտոնի մասնաճիւղը Հայաստանէն հրաւիրած էր հռչակաւոր Խաչատրեան Եռանուագը։

Յայտագրին իր մասնակցութիւնը պիտի բերէր նաեւ Լոնտոնի «Արքայական Օփերա»յի երգչուհի՝ Անոյշ Յովհաննիսեան, որ դժբախտաբար, հիւանդութեան պատճառաւ չկրցաւ մասնակցիլ համերգին։

Երեկոյթին բացումը կատարեց Ասատուր Կիւզելեան, որ քանի մը նախադասութեամբ ներկայացնելէ յետոյ Արամ Խաչատրեանը, հանճարեղ երաժիշտի կեանքէն պատմեց դրուագ մը, ուր ընդգծուած էր հայրենիքի, հայ ժողովուրդին եւ հայ եկեղեցւոյ հանդէպ անոր ունեցած անսահման սէրը։

— 1976ի վերջաւորութեան Ա. Խաչատրեան հրաւիրուած էր Անգլիա, 1977 Յունուարին Լոնտոնի մէջ հեղինակային համերգներ տալու համար։ Ան մամուլի, ձայնասփիւռի եւ հեռատեսիլի շուրջ յիսուն թղթակիցներու հետ առաջին հարցազրոյցը ունեցաւ Յունուարի սկիզբը, Տորչեսթըր պանդոկին մէջ, որուն ներկայ էի նաեւ ես, ըսաւ Կիւզելեան։

«Խաչատրեան հետեւեալ խօսքերով դիմեց ներկաներուն.

“Իմ ըսածներս կրնաք տպել, ձայնասփռել եւ հեռատեսիլէն սփռել, եթէ յարգէք հետեւեալ երեք պայմաններս.

ա. Դուք անընհատ զիս կը ներկայացնէք որպէս ռուս երաժիշտ։ Ես Ռուս չեմ, ես Հայ եմ։ Սխալ չհասկնաք զիս. ես ռուս ժաղովուրդը շատ կը սիրեմ, բայց ինչ ընեմ, որ հայրս ու մայրս երկուքն ալ հայ են։ Ուրեմն՝ կա՛մ զիս կը ներկայացնէք որպէս Հայ՝ կամ ալ սովետ երաժիշտ։

բ. Պէտք է անպայման նշէք, որ Հայաստան եղած է առաջին երկիրը, որ քրիստոնէութիւնը ընդունած է իբրեւ պետական կրօնք 301ին։

գ. Պէտք է յիշէք նաեւ, որ աշխարհի մէջ առաջին քրիստոնէական եկեղեցին, Սուրբ Էջիածինը կառուցւած է Հայաստան 301-303ին” :

Այնուհետեւ Կիւզելեան հակիրճ կերպով անդրադարձաւ աշխարհի լաւագոյն նուագախումբերէն՝ Խաչատրեան Եռանուագին արձանագրած միջազգային յաջողութիւններուն աշխարհի բազմաթիւ երկիրներուն մէջ, ինչպէս Ռուսաստան, նախկին սովետական հանրապետութիւններ, Աւստրալիա, Չինաստան, Անգլիա, Չեխիա, Գերմանիա, Աւստրիա եւայլն։

Կիւզելեան յիշեց նաեւ «Դասական Երաժշտութեան Զարգացման Հիմնադրամ»-ը, որ կեանքի կոչուած է 2010-ին Խաչատրեան Եռանուագին ջանքերով։ Բացի դասական երաժշտութեան զարգացման համար կազմակերպուած ձեռնարկներէն՝ Հիմնադրամը Հայաստանի տարբեր մարզերէն կը հաւաքէ կարօտեալ ընտանիքներու տաղանդաւոր երախաներ եւ կը մշակէ անոնց երաժշտական յատկութիւնները։

Օրուան յայտագիրը բաղկացած էր հետեւեալ ստեղծագործութիւններէն.

Արամ Խաչատրեան.-  «Վալս», «Թոքաթա» (մենանուագ դաշնամուրի համար), «Օրօր», «Նունէի եւ Կարէնի Պարը» («Գայեանէ»), «Ատաճիօ» («Սպարտակ»), «Սուրերով Պար» («Գայեանէ») :

Կոմիտաս.- «Ալ Այլուղս», «Հաբըրբան», «Վաղարշապատի Պար» :

Սայեաթ Նովա.- «Աշխարհումս Ախ Չիմ Քաշի» :

Առնօ Բաբաջանեան.- «Արիա», «Թրիօ», «Նոքթիւրն» :

Ալեքսանդր Յարութիւնեան.- «Պար» (ջութակի եւ դաշնամուրի համար), «Էքսփրոմթ» (թաւջութակի եւ դաշնամուրի համար) :

Էդ. Միրզոյեան.- «Շուշանիկ» :

Ջութակահար Կարէն Շահգալդեան յայտնեց ներկաներուն, որ յայտագրէն դուրս պիտի նուագեն Ռախմանինովի «Vocalise»ը, որ Վիվիէն Կիւզելեանի ամենէն սիրած երաժշտական կտորներէն մէկն է։ “Եռանուագը անակնկալ այս կատարումը կը նուիրէ Տիկին Վ. Կիւզելեանին, առ ի գնահատանք «Դասական Երաժշտութեան Զարգացման Հիմնադրամ»ին անոր ըրած մեծ նուիրատւութեան” ըսաւ Շահգալդեան։

Ասատուր Կիւզելեան

Լոնտոն

«Նոր Յառաջ» 

Scroll Up