Հայութեան յարգանքի տուրքը՝ Պոնտոսի յոյներու ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին
Տոքթ. Հայկ Դեմոյեան` Աթէնքի մէջ կազմակերպուած ձեռնարկի կեդրոնական դասախօս
Պոնտոսի յոյներու ցեղասպանութեան տարելիցին առթիւ, երէկ Երկուշաբթի 19 Մայիսին, Աթէնքի կեդրոնական Սինտամայի հրապարակի «Անծանօթ Զինուորի» յուշադամբանին առջեւ, տեղի ունեցաւ ոգեկոչման արարողութիւն եւ դափնեպսակներու զետեղում:
Օրուայ կեդրոնական բանախօսն էր Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-ինսթիթութի տնօրէն, պատմաբան դոկտ. Հայկ Դեմոյեանը, որ ներկաներուն ուղղեց իր խօսքը, խորապէս տպաւորելով համախմբեալները: Ան անդրադառնալով Փոքր Ասիոյ քրիստոնեայ ժողովուրդներուն դէմ Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ կազմակերպուած ջարդերուն, նշեց թէ Հայերու, Յոյներու եւ Ասորիներու ցեղասպանութեանց միասնական յիշատակումները, սգալու անհրաժեշտութենէն չեն բխիր, այլ կարեւոր են՝ ապագայի ցեղասպանութիւններ կանխարգիլելու եւ երկիրներու ապահովութիւնը երաշխաւորելու առումով:
Դափնեպսակներ զետեղեցին ՀՀ դեսպան պրն. Գագիկ Ղալաչեան, ՀՀ ռազմական կցորդ գնդապետ Սամվէլ Ռամազեան, Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբի ատենապետ ընկ. Դաւիթ Պետրոսեան: Ներկայ էր նաեւ Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական Միութեան անդամներէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը, որ պաստառներով եւ Եռագոյն դրօշակներով միացաւ ցուցարարներուն:
Հայաստանի մէջ
Հայաստանի մէջ յունական համայնքը նոյնպէս, Մայիս 19-ին յիշատակեց յոյներու ցեղասպանութիւնը: ՀՀ ԱԺ փոխ նախագահ Էդուարդ Շարմազանովը, ԱԺ խըմբակցութեան պատգամաւորներ, ՀՀ-ի մօտ Յունաստանի դեսպան Իոանիս Տաղիս, հոգեւոր դասի եւ Հայաստանի յունական համայնքի ներկայացուցիչներ այցելեցին Ծիծեռնակաբերդ եւ ծաղկեպսակներ զետեղեցին Հայոց մեծ Եղեռնի յուշակոթողին։
Տեղի ունեցաւ հոգեհանգիստի արարողութիւն:
ԱԺ փոխ նախագահ Էդուարդ Շարմազանով իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ ՀՀ իշխանութիւնները ամէն ինչ կÿընեն Փոքր Ասիոյ մէջ Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ ծրագրուած եւ կազմակերպուած քրիստոնեայ ժողովուրդներու նկատմամբ ցեղասպանութեան դատապարտման համար:
«Ազատ օր»