Անի քաղաքը «առցանց» կը վերականգնուի
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/05/ani-cathedral.jpg)
Նիւ Եորքաբնակ Կարէն Մելիքեան աշխատանք կը տանի Անի քաղաքը համացանցի վրայ վերականգնելու: Քաղաքի հիմնարկութեան 1000-ամեակին առիթով, ան կ՚աշխատի ծանօթագրական տեղեկութիւններ տալ պատմական քաղաքին մասին, համակարգչային եռաչափ տարածութեամբ սփռումով։ Ծրագիրը պիտի ներկայացուի երեք խաւերու յատուկ տարբերակներով՝ մանուկներուն, ընդհանուր ժողովուրդին եւ մասնագէտներուն։ Պիտի սփռուի երեք լեզուներով. հայերէն, անգլերէն եւ թրքերէն։
Կարէն Մելիքեան կը յայտնէ, թէ այս աշխատանքին համար, գլխաւորութեամբ Երեւանի Հայ Ճարտարապետներու Ուսումնասիրութեան Կեդրոնին, գործակցութիւն հաստատած են Պոլսոյ Հայ Ճարտարապետներու Միութեան (ՀԱՅՃԱՐ), «Անատոլու Քիւլթիւր»ի վարիչ Օսման Գավալայի, Օսման Քէօքէրի եւ այլ պատասխանատուներու եւ մասնագէտներու հետ: Անոնք խոստացած են զօրավիգ կանգնիլ իրենց ծրագրին իրագործումին համար։
«Նոր Յառաջ»