Թուրք հետազօտողի մը համաձայն՝ «Թուրքիոյ արխիւները կա՛մ փակ են, կա՛մ ոչնչացուած»

Թուրք հետազօտող, Պոլսոյ «Պօղազիչի» համալսարանի երիտասարդ գիտնականներէն Մեհմէտ Փոլատէլ հարցազրոյց մը տուած է «Պիանէթ» կայքէջի թղթակիցին: Ակնարկելով վարչապետ Էրտողանի յայտարարութիւններուն, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին հետազօտութիւններու համար թրքական բոլոր արխիւները բաց են՝ Փոլատէլ շեշտած է, որ Օսմանեան կայսրութեան եւ Թուրքիոյ հանրապետութեան ստեղծման ժամանակաշրջաններուն վերաբերեալ փաստաթուղթերը կա՛մ փակ են, կա՛մ ոչնչացուած, կամ ալ չեն դասակարգուած։
«Կ՚ըսուի, որ արխիւները բաց են, բայց գործնական գետնի վրայ անոնք փակ են։ Հարցեր կը ստեղծուին նոյնիսկ բաց արխիւներուն պարագային, քանի որ անոնց մէջ փաստաթուղթերը կա՛մ չեն դասաւորուած, կամ ալ ընդհանրապէս կը բացակային։ Հեռագիրները կան, բայց պատասխանները չկան։ Բազմաթիւ փաստաթուղթեր ալ գոյութիւն չունին նոյնիսկ բաց արխիւներու մէջ»,- ըսած է Փոլատէլ, որ դոկտորական թեզ կը պատրաստէ Օսմանեան կայսրութեան շրջանին Հայերէն գրաւուած ինչքերուն եւ հողային պահանջատիրութեան թեմային շուրջ։
Երիտասարդ գիտնականին համաձայն՝ կարգ մը արխիւներ բաց են, բայց ատիկա չի նշանակեր, որ հոն պահպանուած են բոլոր փաստաթուղթերը. «Հանրապետութեան շրջանի արխիւներուն մէջ Հայկական Հարցին առընչութեամբ փաստաթուղթերը կա՛մ ոչնչացուած են եւ կամ գաղտնագրուած։ Նահանգապետներուն ու անոնց տեղակալներուն ուղղեալ հեռագիրներ կան, բայց պատասխանները չկան, ինչ որ կը դժուարացնէ հետազօտողներուն աշխատանքը։ Ռազմական արխիւները գրեթէ փակ են, քանի որ որեւէ փաստաթուղթի հետ ծանօթանալու համար պէտք է ստանալ արտօնութիւնը կարգ մը պաշտօնեաներու, որոնք կ՚որոշեն, թէ ատիկա կապ ունի՞ դիմումին մէջ ներկայացուած ուսումնասիրութեան խորագիրին հետ, թէ ոչ։ Հաւանական է, որ վարչապետ Էրտողանի վերջին յայտարարութենէն ետք անոնք բացուին։ Բացի ատկէ, ռազմական արխիւներն ալ ամբողջութեամբ չեն դասաւորուած ու շարք մը բաժիններ փակ են հանրութեան համար։ Օսմանեան կայսրութեան մասին բազմաթիւ փաստաթուղթեր անծանօթ պատճառներով կը պահուին ռազմական փակ արխիւներու մէջ»,- եզրակացուցած է Փոլատէլ։
«Նոր Յառաջ»