Քաղաքական ձեռնարկներ եւ դափնեպսակներու զետեղումներ Յունաստանի երեք քաղաքներու մէջ

Ապրիլ  27 -ին երեք քաղաքական ձեռնարկներով Աթէնքի, Թեսաղոնիկէի եւ Ալեքսանտրուպոլսոյ մէջ, յունահայութիւնը վերահաստատեց իր ազգային պահանջատիրութիւնը՝ յանուն հայութեան իրաւունքի եւ արդարութեան հաստատման:

Երեք քաղաքներուն մէջ հայութեան արդար պահանջատիրութեան ձայնը անգամ մը եւս լսելի դարձաւ յունական եւ միջազգային պետական ու հանրային կարծիքին մօտ։
Ներկայ գտնուեցան Յունաստանի պետական-քաղաքական կեանքի մեծ թիւով բարձրապաշտօն քաղաքական դէմքեր, օտար դիւանագիտական շրջանակներ եւ զինուորականներ, որոնք յարգեցին հայոց Մեծ Եղեռնի զոհերու յիշատակը:

Երէկ Կիրակի 27 Ապրիլի առաւօտեան ժամը 11.30ին, Աթէնքի կեդրոնէն ներս գտնուող Ռազմական թանգարանի հանդիսասրահին մէջ, նախաձեռնութեամբ Աթէնքի մարզպետարանի եւ կազմակերպութեամբ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբի եւ Ռ.Ա.Կ. Հայ Իրաւանց Խորհուրդի, տեղի ունեցաւ Մեծ Եղեռնի 99-րդ տարելիցին նուիրուած կեդրոնական քաղաքական ձեռնարկը, ուր ներկայ եղան Յունաստանի պետական-քաղաքական կեանքի մեծ թիւով բարձրապաշտօն քաղաքական դէմքեր, օտար դիւանագիտական շրջանակներ ու զինուորականներ, որոնք յարգեցին հայոց Մեծ Եղեռնի զոհերու յիշատակը:
Հելլէն խորհրդարանը ներկայացուց Ա. փոխ նախագահ Իոանիս Թրաղաքիս։
Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան հետեւեալ քաղաքական անձնաւորութիւնները.- խորհրդարանի նախկին նախագահ եւ Հայաստան-Յունաստան խորհրդարանական բարեկամութեան խումբի նախագահ Ափոսթոլոս Գաքլամանիս, Հայ-Յունական բարեկամութեան խումբի քարտուղար Անտոնիս Փաւլիտիս, եւրոերեսփոխան եւ Ատիկէի մարզպետութեան թեկնածու Եորղոս Քումուցաքոս, Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Է. Վենիզէլոսի կողմէ Ի. Տողորիթիս, հելլէն խորհրդարանական կուսակցութեանց ներկայացուցիչներ Տիմիթրիս Փափատիմուլիս, Վասիլիս Քափերնարոս, Խրիսթոս Գացիոթիս, Մարիա Եանաքաքի, երեսփոխաններ Գոսթաս Գացաֆատոս, Փրոքոփիս Փաւլոփուլոս, Էլէնի Զարուլիա, Նիքոլաոս Միխոս, Ատիկէի փոխ մարզպետ Աննա Փափատիմիթրիու-Ցացու, Ատիկէի մարզպետութեան կողմէ Ակելոս Վուրաքիս, Փիրէայի քաղաքապետ Վասիլիս Միխալոլիաքոս, Նիքէա -Ռենտիի քաղաքապետ Եորղոս Իոաքիմիտիս, եւ քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Էլէնի Ռումեան, Աթէնքի փոխ քաղաքապետներ Եորղոս Փափանտրէու եւ Նանա Սփիրոփուլու, Աթէնքի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Եորղոս Պրուլիաս, մարզային թեկնածու Ակելոս Սթրաթիքիս, Յունաստանի ցամաքային ուժերու ներկայացուցիչ զօր. Մանծաքոս, ծովային ուժերու ներկայացուցիչ ծով. Էմանուիլ Սթելիուտաքիս, հելլէն ոստիկանութեան ներկայացուցիչ Գոնսթանտինոս Քալիվաս, Պոլսոյ տիեզերական պատրիարքութեան ներկայացուցիչը, տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ներկայացուչիներ եւ թեկնածուներ, ինչպէս նաեւ ասորական, յունական եւ պոնտական քաղաքական-ընկերային միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ համալսարանական փրոֆէսէօրներ:
Օտար դիւանագէտներու ներկայութիւնը յատկանշական էր: Ներկայ գտնուեցան Անկոլայի, Խրուաթիոյ, Ռուսաստանի, Իրաքի, Սերպիոյ, Գոնկոյի, Եգիպտոսի, Չինաստանի դեսպաններ եւ դեսպանատուներու ներկայացուցիչներ, յոյն-լիբանանեան միութեան փոխ նախագահը, ինչպէս եւ Յունաստանի ռազմական կցորդներու նախագահ Սպանիոյ ռազմական կցորդը եւ Լիպիոյ կցորդը, Յունաստանի «Էվէլփիտոն» սպայից վարժարանի պետ Քարիոթիս Խրիսթոս:
Օտար հիւրերուն համար նախատեսուած էր խօսքերու թարգմանութիւնը անգլերէն լեզուով:
Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան Յունաստանի մօտ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Գագիկ Ղալաչեանը, կրօնական հայ յարանուանութեանց պետերը եւ կրօնական դասը:
Ներկայ էին Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ. Քերոբ Էքիզեան եւ անդամները, Ռ.Ա.Կ.ի Կեդրոնական վարչութեան կողմէ պրն. Յովհաննէս Առաքելեան եւ անդամներ, Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբը եւ Ռ.Ա.Կ.ի Հայ Իրաւանց խորհուրդը, ՀՕՄի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչը, յունահայ համայնքի բոլոր միութիւններէն ներկայացուցիչներ եւ վարչութիւններ:
Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան «Էվէլփիտոն» սպայից վարժարանէն ներս ուսանող հայ կուրսանդները, իրենց ղեկավար՝ Հայաստանի ռազմական կցորդ գնդապետ Սամուէլ Ռամազեանի գլխաւորութեամբ:
Ձեռնարկի մուտքին կանգնած էին եւ պաշտօնական հիւրերը պատուի կ’առնէին Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտ-արենուշները, որոնք իրենց լրիւ կազմերով, գայլիկ-արծուիկներով եւ խմբապետներու առաջնորդութեամբ գլխաւորեցին նաեւ քայլարշաւը, դէպի Սինտաղմա:

Յայտագիր
Ձեռնարկին բացումը կատարուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան փաստագրական վիտէօ երիզի մը ցուցադրութեամբ, Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրողներու վկայութիւններով եւ պատմական լուսանկարներով՝ «20 ձայներ» խորագիրով:
Հայաստանի եւ Յունաստանի ոգերգներու ունկնդրութենէն ետք խօսք առաւ օրուայ նախագահ Յակոբ Առաքելեանը, որ յաջորդաբար ողջոյնի խօսքեր ուղղելու հրաւիրեց պաշտօնական հիւրերը:

Խօսք առաւ Ատիկէի մարզպետի տեղակալ տիկին Աննա Փափատիմիթրիու-Ցացու, դիտել տալով թէ յուշի երեկոյի կազմակերպումը խորապէս զգացուած անհրաժեշտութիւն է, որովհետեւ անցեալը երկրորդ սիրտ մըն է, որ կը բաբախէ մեր մէջ: Ան դիտել տուաւ թէ պատմութիւնը գործիք է մարդկութեան ձեռքին, որ մշտական խաղաղութեան կ’առաջնորդէ, երբ իրարու հասկացողութեան եւ համագործակցութեան դասեր կը փոխանցէ:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Յունաստանի մօտ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան պրն. Գագիկ Ղալաչեանը (խօսքը կարդալ առանձին)։
Յաջորդաբար խօսք ուղղեց հելլէն խորհրդարանի եւ նախագահ Էվանկելոս Մէյմարաքիսի կողմէ Ա. փոխ նախագահ Իոանիս Թրաղաքիս։ Խօսելով Թուրքիոյ մերժողական քաղաքականութեան մասին՝ հելլէն խորհրդարանի ներկայացուցիչը դիտել տուաւ, թէ Թուրքիոյ վարչապետ Թայիփ Էրտողանի Ապրիլ 24ի նախօրեակին ուղղած խօսքերը յայտնի կը դարձնէին թէ Թուրքիա ուժը չունեցաւ ընդունելու պատմական ճշմարտութիւնը եւ կեղծաւոր ուղերձով մը փորձեց բաւարարուիլ: Ան շեշտեց թէ մերժումը արգելք է տարածաշրջանէն ներս ճշմարիտ յարաբերութիւններու մշակման գործընթացին մէջ:

Բանախօսութիւն
Յաջորդաբար բեմ հրաւիրուեցաւ օրուայ բանախօս Թեսաղոնիկէի համալսարանի արդի պատմութեան դասախօս փրոֆ. Վլասիս Աղծիտիս, որ մանրամասն իր ներկայացման մէջ պարզեց Ա. համաշխարհային պատերազմի նախօրեակին ստեղծուած իրավիճակներու պատկերը, որ որպէս հիմք ծառայեց հետագային՝ Հիթլըրի վայրագութիւններուն: Ան բացատրեց թէ ինչպէս Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ հայ եւ քրիստոնեայ ազգաբնակչութեանց հանդէպ բծախնդրօրէն մշակուած քաղաքականութիւնը՝ 20րդ դարուն մէջ ներմուծեց ազգերու դէմ բռնութեան միջոցաւ «մաքրագործման» երթալու գաղափարը, շեշտելով Օսմանեան կայսրութեան օրուայ քաղաքականութեան դրդապատճառները ու անդրադառնալով թուրքերու ստորակայութեան զգացումին՝ հանդէպ հայերուն եւ յոյներուն, երբ նոյն պահուն Երիտ-թուրքերու ուժերը կը յղանային փանթուրանիզմի գաղափարը, միազգեայ երկրի մը առաջնորդուելու որպէս նախապայման:

Հայ երիտասարդութեան խօսքը արտասանեց Մատլէն Պալատլեանը (կարդալ առանձին)։

Ձեռնարկը իր աւարտին հասաւ գեղարուեստական կարճ բաժինով, Տիգրան Սարգսեանի կողմէ տուտուկի վրայ մեկնաբանուած հայկական երաժշտութեամբ: 

Քայլարշաւ եւ Դափնեպսակներու զետեղում

Ձեռնարկի աւարտին, Աթէնքի քաղաքապետութեան ֆանֆարի, պաշտօնական հիւրերու եւ սկաուտական խումբերու գլխաւորութեամբ, ժողովրդային թափօրը յառաջացաւ դէպի Սինտաղմայի հրապարակ, ուր Անծանօթ Զինուորի յուշադամբանին առջեւ դափնեպսակներ զետեղուեցան, Յունաստանի պետական եւ քաղաքական կեանքի ներկայացուցիչներուն կողմէ, 1915ի Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:

Դափնեպսակներ զետեղեցին՝

– յունահայ գաղութի անունով ընկ. Շահան Ֆարաճեան,

– Յունաստանի մօտ ՀՀ ռազմական կցորդ գնդապետ Սամվէլ Ռամազեան,
– Ասորիներու միութեան կողմէ պրն. Քիրիաքոս Պացարաս,
– Աթէնքի քաղաքապետի կողմէ փոխ քաղաքապետ պրն. Եորղոս Փափանտրէու
– Ատիկէի մարզպետի կողմէ տեղակալ տիկին Աննա Փափատիմիթրիու-Ցացու,
– Յունաստանի մօտ ՀՀ դեսպան պրն. Գագիկ Ղալաչեան,

– Հելլէն խորհրդարանի կողմէ Ա. փոխ նախագահ Իոանիս Թրաղաքիս:

Քայլարշաւի ամբողջ ընթացքին ՀՅԴ Երիտասարդական եւ Պատանեկան Միութեան անդամները պահանջատիրական լոզունգներով պաստառներ պարզած էին:

Հելլէն մամուլին անդրադարձը

 Անցնող օրերուն հելլէն ելեկտրոնային լրատուական կայքէջեր, ինչպէս եւ տպագիր ազդեցիկ թերթեր («Էլէֆթէրոթիփիա», «Քաթիմերինի») լրատուութեամբ եւ տարբեր յօդուածներով անդրադարձան յունահայ գաղութի պահանջատիրական ձեռնարկներուն եւ Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական փաստին, յուշելով հայութեան դէմ գործուած ոճիրի դատապարտման անհրաժեշտութիւնը:

Յատուկ էին հեռատեսիլէն սփռուած երեք յայտագիրներ, Ապրիլեան ոգեկոչական ձեռնարկներու կազմակերպման առիթով: Մէկը Ապրիլ 24ի առաւօտեան ժամը 8:45ին, Թեսաղոնիկէի TV 100 կայանէն սփռուած Պետրոս Հալաճեանի հարցազրոյցը, Ալեքսանտրուպոլսոյ հայ գաղութի ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ սփռուած հարցազրոյցը, ինչպէս եւ Շաբաթ առաւօտուն, Սինտաղմայի հրապարակին վրայ զետեղուած ՀՅԴ Երիտասարդական Միութեան նկարներու ցուցադրութեան կրպակին առջեւէն հաղորդուած լրատուութիւնը, SKAI կայանէն սփռուող Եորղոս Աֆթիասի յայտագրէն, ուր խօսեցաւ ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբի կողմէ Մարի Եղիշէյեան:

www.azator.gr

abril 24 kaghakagan tsernarg_aghtzidis_28-4-14 abril 24 kaghakagan tsernarg_dikran sarkessian_28-4-14 abril 24 kaghakagan tsernarg_kailarshav_28-4-14 abril 24 kaghakagan tsernarg_kailarshavv_28-4-14 abril 24 kaghakagan tsernarg_papadimitriou-tsatsou_traghakis_28-4-14 abril 24 kaghakagan tsernarg_zoghovourt_28-4-14 abril 24 tapnebesag_shahan faratzian_28-4-14 abril 24 tapnebesag_traghakis_28-4-14

Scroll Up