Այնճարի Մէջ. Հայոց Ցեղասպանութեան 99-Ամեակի Նշում
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/04/2404abril4-720x354.jpg)
Կազմակերպութեամբ Այնճարի ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի քարոզչական-դաստիարակչական յանձնախումբին, հինգշաբթի, 24 ապրիլ 2014-ի յետմիջօրէի ժամը 6:00-ին տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 99-ամեակի նշումը` «Ս. Զէյթլեան» կեդրոնի «Մովսէս Տէր Գալուստեան» սրահին մէջ:
Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց քարոզչական-դաստիարակչական յանձնախումբի ատենապետ Կարօ Փիլաւճեան, ան հրաւիրեց ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու յիշատակը Հայոց ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն նահատակներուն:
Փիլաւճեան ըսաւ. «Հողային պահանջատիրութիւնը կ՛իմաստաւորուի, երբ մենք բոլորս, բոլոր ճակատներուն վրայ պատրաստ կ՛ըլլանք մէկ բռունցքի պէս պայքարելու մշակութային, զինուորական, տնտեսական, գիտական, քաղաքական եւ ամէնէն կարեւորը` նոր սերունդի հայկական ինքնութեամբ դաստիարակման եւ կերտման աշխատանքով»:
Ան կոչ ուղղեց հայկական բոլոր ուժերը համախմբելու ի նպաստ մեր դատին եւ ի խնդիր մեր երկիր վերադարձին:
Օրուան պատգամը ուղղեց հայր Գէորգ Ծ. վրդ. Եղիայեան: Ան անդրադարձաւ թուրքին կատարած ոճրագործութեան, որ անժամանցելի է, որքան ալ ան փորձէ ուրանալ իրողութիւնը: Ան յայտնեց, որ ուշ կամ կանուխ թուրքերը ստիպուած պիտի ըլլան ընդունելու եւ հատուցելու Հայոց ցեղասպանութեան ժառանգորդներուն:
Տեղի ունեցաւ «Կօշիկներս Պոլիս ձգեցի» ժապաւէնի ցուցադրութիւնը` ներկայութեամբ ժապաւէնի բեմադրիչ Նիկոլ Պեզճեանի:
Ժապաւէնի ցուցադրութեան աւարտին ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի անդամ Յակոբ Այնթապլեան յուշանուէրով մը պատուեց բեմադրիչը, որմէ ետք բեմադրիչը ուղղեց իր սրտի խօսքը եւ պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն: