Հայոց Ցեղասպանութեան 99-րդ Տարելիցին Առիթով. «Այգ» Համերգ Պիտի Տայ Կիպրոսի Մէջ

Երէկ երեկոյեան թռիչքով Համազգայինի «Այգ» երիտասարդական երգչախումբն ու նուագախումբը մեկնեցան Կիպրոս, ուր կիրակի, 27 ապրիլին, Լարնաքայի քաղաքապետարանի սրահին մէջ պիտի մատուցեն համերգ մը` ղեկավարութեամբ Զաքար Քէշիշեանի եւ դաշնակի նուագակցութեամբ Կամիլա Քէշիշեանի:
Երգչախումբին կ՛ընկերանան վարչական պատասխանատուներ եւ ժողովրդական նուագարաններէ կազմուած նուագախումբը:
Համերգը կազմակերպուած է Լարնաքայի Հայ կեդրոնին կողմէ` հովանաւորութեամբ Լարնաքայի քաղաքապետ Անտրէաս Լուրուցիաթիսի:
Հայ թէ օտարալեզու խմբերգներէ կազմուած համերգը պիտի նուիրուի Հայոց ցեղասպանութեան 99-ամեակին:
«Այգ» երգչախումբը Լիբանան պիտի վերադառնայ կիրակի գիշեր: