Քեսապի Քաղաքապետ. «Սուրիական Զօրքերը Որոշակի Յառաջխաղացում Ունին»
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/03/arm139608751495.jpg)
ԱԺ պատգամաւոր Արման Սահակեան ֆէյսպուքեան իր էջին վրայ գրած է.
«Հենց նոր հեռախօսով խօսեցայ Լաթաքիոյ մէջ գտնուող Քեսապի քաղաքապետին հետ: Ան ըսաւ, որ սուրիական զօրքերը որոշակի յառաջխաղացում ունին եւ կարեւոր բարձունքներ գրաւած են, ու հիմա այդ բարձունքներուն սուրիական դրօշը կը ծածանի:
Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Քեսապի շուրջ համայն հայութեան բարձրացուցած բողոքի ալիքին համար, որուն աշխուժօրէն կը հետեւին ու յոյս յայտնեց, որ շուտով այս համատեղ պայքարը դրական ելք կ’ունենայ»:
Lurer.com