ՀՕՄ-ը Կը Շարունակէ Սուրիահայութեան Իր Օժանդակութիւնը` Կրկին Անգամ Տրամադրելով 125,000 Տոլար

20-24 մարտ 2014-ին Պոսթընի մէջ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը գումարեց իր 22-րդ լիագումար նիստը:

Կազմակերպական, մարդասիրական բազմաբնոյթ օրակարգերու շարքին, կարեւորութեամբ քննարկուեցան Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նշման ձեռնարկները եւ սուրիահայութեան օժանդակութեան ծրագիրները:

Թրքական բացայայտ հովանաւորութեամբ զինեալներու Քեսապ ներթափանցման փորձին եւ անոր իբրեւ հետեւանք հայաւանի պարպումին ի տես, յաճախակի կապ հաստատելով եւ խորհրդակցելով տեղւոյն միաւորի շրջանային եւ մասնաճիւղի վարչութեանց ընկերուհիներուն հետ, Լաթաքիա ապաստանած մեր հայրենակիցներու անմիջական կարիքներու բաւարարման համար այս հանգրուանին Լաթաքիոյ եւ Քեսապի մասնաճիւղերուն յատկացուեցաւ 15,000 ամ. տոլար:

Ընթացքի մէջ եղած ծրագիրներուն գծով որոշուեցաւ.

– Միաւորներու աշխուժ մասնակցութեամբ շարունակել աշխատանքները` գաղութային շտապ օգնութեան մարմիններու շրջանակներուն մէջ:

– 2012 նոյեմբերէն սկիզբ առած «Տաք ճաշ» ծրագիրը շարունակել նոյն ընթացքով` այս հանգրուանին ծրագիրին տրամադրելով 25,000 ամ. տոլար:

– Ուսումնական ընթացիկ տարեշրջանին համար, սուրիահայ վարժարաններու օժանդակութեան ծիրին մէջ «Դպրոց» ֆոնտին յատկացնել 75,000 ամ. տոլար:

– ՍՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ճամբով, հալէպահայութեան խնամատարական կարիքներու բաւարարման ուղղուած ծրագիրներուն համար յատկացնել 10,000 ամ. տոլար:

Աշխարհասփիւռ իր միաւորներու անվերապահ եւ յանձնառու աջակցութեամբ առաւել հզօրացած` Կեդրոնական վարչութիւնը կը շարունակէ աչալրջութեամբ հետեւիլ զարգացումներուն` կարիքի թելադրութեամբ օժանդակութեան անհրաժեշտ նախաձեռնութիւններ կատարելու համար:

ՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Scroll Up