Չիչեք «Նախատինք» Կ՛որակէ Ցեղասպանութիւնը Ճանչնալու Քանատայի Որոշումը

Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ Ճեմիլ Չիչեք խորհրդարանին մէջ Չորեքշաբթի, Մարտ 12ին ընդունեց այցելութիւնը քանատացի իր պաշտօնակից Էնտրու Շիրի, քննելով երկկողմանի յարաբերութիւնները՝ առանց մոռնալու սակայն այն իրողութիւնը, որ Քանատայի խորհրդարանը ճանչցած է Հայկական Ցեղասպանութիւնը։
Չիչեք այս խնդիրին կապակցութեամբ կրկնեց այն, ինչ Թուրքիոյ պաշտօնական բանբերները շարունակ կը կրկնեն օտար խորհրդարանականներուն, թէ՝ խորհրդարանները պատմական վճիռ չեն կրնար արձակել եւ թէ Թուրքիա ցեղասպանութեան մեղք չէ գործած։
Չիչեք նախ դիտել տուաւ, որ Քանատայի հետ տնտեսական յարաբերութիւնները չեն հասած իրենց առաւելագոյն մակարդակին ու պէտք է բարելաւուին:
Շիր հաստատեց, որ Թուրքիա ու Քանատա դաշնակից երկիրներ են։
Չիչեք ապա խօսքը կապեց ահաբեկչական շարժումներուն եւ ըսաւ, որ բոլոր երկիրները պէտք է Թուրքիոյ աջակցին այս հարցին մէջ, յիշեցնելով, որ Թուրքիոյ դիւանագէտներ սպաննուեցան հայկական ահաբեկչական կազմակերպութեանց կողմէ եւ Քանատայի մէջ իսկ Թուրքիոյ զինուորական կցորդներէն մէկը սպաննուեցաւ: Ապա Չիչեք ըսաւ, որ Հայկական Հարցը Թուրքիոյ համար շատ կարեւոր է։ «Մեծագոյն նախատինքը ու անարգանքը, զոր կարելի է ընել մեր ժողովուրդին, այս ժողովուրդին մարդիկը ամբաստանելն է ցեղասպանութեան յանցանքով։ Թուրքիա այսպիսի անիրաւ ամբաստանութեանց հետ դէմ յանդիման կը գտնուի ու դժբախտաբար այս ամբաստանութիւններուն մէջ կը գործածուին օտար երկիրներու խորհրդարաններ։ Թուրքիա իր արխիւները բացած է եւ առաջարկած, որ պատմաբաններու խառն յանձնախումբ մը այս մասին որոշում մը ընդունի։ Ի՛նչ որոշում ալ պիտի ընդունի ան, Թուրքիա պիտի համակերպի», ըսած է Չիչեք։
«Հայթերթ» կայքը, որ արձագանգ կը հանդիսանայ այս լուրին, իր կողմէ փակագիծ մը կը բանայ ու կը հարցնէ, թէ դատական ու իրաւական խնդիրներու մէջ ե՞րբ պատահած է, որ վճիռ արձակելու պաշտօն յանձնուի պատմաբաններուն։

asbarez.com

Scroll Up