Քալիֆորնիոյ Խորհրդարանի Նախագահը Ցեղասպանութիւնը Ճանչնալու Կոչ Կ՛ընէ
Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի նախագահ Ճան Փերեզ Հինգշաբթի, Փետրուար 20ին ներկայացուց բանաձեւ մը, որ կը վերահաստատէ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու Քալիֆորնիոյ հաստատակամ դիրքորոշումը:
Թիւ 35 բանաձեւը նաեւ կոչ կ՛ընէ Թուրքիոյ, Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին եւ նախագահ Պարաք Օպամային, որ հետեւելով Քալիֆորնիոյ օրինակին՝ յստակօրէն ճանչնան Ցեղասպանութիւնը:
Բանաձեւը Ապրիլ 20-26 շաբաթը կը կոչէ «1915-1923ի Հայկական Ցեղասպանութեան ոգեկոչման շաբաթ Քալիֆորնիոյ մէջ»:
http://asbarez.com/