Սաքրամենթոյի Հայ Դատի Աշխատանքներուն Մեկնարկը

Սաքրամենթոյի Հայ Դատի յանձնախումբին գործունէութեան մեկնարկը կատարուեցաւ համայնքային հանդիպումով մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի անդամներ Ատրին Նազարեան եւ Խաչօ Աշաճեան:
Մեծն Սաքրամենթոյի տարբեր շրջաններէն հայ համայնքի տարբեր տարիքի ներկայացուցիչներ ներկայ էին հաւաքին, քննելու համար հայութիւնը յուզող շարք մը հարցեր, ինչպէս նաեւ Քալիֆորնիոյ մայրաքաղաքին մէջ քաղաքական աւելի ազդեցիկ ուժ մը դառնալու կարելիութիւնները:
Հաւաքին ընթացքին, Նազարեան եւ Աշաճեան իրենց անձնական քաղաքական փորձառութիւնները բաժնեցին ներկաներուն հետ՝ շեշտելով լաւ կազմակերպուելու եւ համայնքը քուէարկութեան մղելու կարեւորութիւնը: Անոնք նաեւ 500 տոլարի նուիրատուութեամբ գործնական մասնակցութիւն բերին Սաքրամենթոյի Հայ Դատի յանձնախումբը հզօրացնելու աշխատանքին:
«Մեր նպատակն է քաջալերել եւ ոգեւորել ներկաները, որպէսզի մեր ձայնը կարելի ըլլայ աւելիով հասանելի դարձնել քաղաքական պաշտօնատարներուն», յայտնեց Սաքրամենթոյի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Կարօ Մանճիքեան:
Ելոյթ ունեցան նաեւ վարչութեան անդամներ Լիլիթ Մովսիսիեան, Թետ Դուրեան եւ Հրակ Կիտցինեան՝ խօսելով Հայ Դատի իրագործումներուն եւ գալիք աշխատանքներուն մասին, սկսելով Հայկական Ցեղասպանութեան թիւ 227 բանաձեւի վաւերացումէն, հասնելով մինչեւ Հայաստանի ու Արցախի համար տնտեսական օժանդակութեանց ապահովումը:

http://asbarez.com/

Scroll Up