Սթրազպուրկի դատարանի վճիռը կրնայ վնասել Ֆրանսայէն ակնկալուող օրինագիծին
Սթրազպուրկի դատարանին կողմէ Դեկտեմբեր 17ին արձակուած վճիռը կրնայ խիստ բացասական հետեւանքներ ունենալ նաեւ Ֆրանսայի կառավարութենէն ակնկալուող ժխտողականութեան պատժելիութեան օրինագիծին ճակատագրին վրայ: Արդարեւ, վճիռին մէջ ըսուած է. «1915ին եւ յաջորդող տարիներուն՝ Հայաստանի մէջ գործուած բարբարոսութիւնները ցեղասպանութիւն որակելու ժխտումը պատժելու անհրաժեշտութիւնը չէ ապացուցուած»: Հետաքրքրական է նկատել, թէ դէպքերու վայրը յիշատակուած է որպէս «Հայաստան», ինչ որ թերեւս կրնայ իրաւաբանականօրէն այլ ճամբաներ բանալ Հայկական դատի պաշտպաններուն առջեւ:
Ինչպէս գրած էինք, Ատեանը գլխաւորապէս հիմնուած է արտայայտութեան ազատութեան սկզբունքին վրայ: ՄԻԵԱ-ն իր վճիռին մէջ այս մասին կ՚ըսէ. «Ատեանը կը յիշեցնէ, որ զգայուն եւ դժգոհութիւն պատճառելու հակամէտ հարցերու շուրջ բացէ ի բաց ու ազատօրէն վիճարկելու իրաւունքը արտայայտութեան ազատութեան հիմնական բաղադրիչներէն է, եւ թէ ան կը զանազանէ ժողովրդավար, հանդուրժող եւ բազմակարծիք ընկերութիւն մը՝ ամբողջատիրական եւ բռնատիրական վարչակարգէ մը»:
Գալով «ցեղասպանութիւն» եզրին, Ատեանին համար ան «սեղմ գիծերու մէջ բնութագրուած իրաւաբանական ըմբռնում մըն է, որու փաստը բերելը դժուար է»: Ատեանին կարծիքով, Փէրինչէք երբեք չէ հերքած ջարդերը եւ տարագրութիւնները, եւ երբեք արհամարհական արտայայտութիւն չէ ունեցած դէպքերու զոհերուն նկատմամբ: Դատաւորները նաեւ յատուկ փութկոտութիւն ցուցաբերած են պատմական այլ դէպքերու ժխտումը Ողջակիզումի ժխտումին հետ չշփոթելու համար: Արդարեւ, ըսուած է. «Այդ դատավարութիւններուն (խօսքը Շօահի մասին է – «ՆՅ») դիմողները ժխտած էին երբեմն շատ շօշափելի պատմական դէպքեր, ինչպէս օրինակ, կազի սենեակներու գոյութիւնը: Կը ժխտէին նացիական վարչակարգին կողմէ գործուած ոճիրներ, որոնք իրաւաբանական յստակ հիմք ունէին» եւ որոնք «յստակօրէն հաստատուած էին միջազգային օրէնսդրութեան կողմէ»:
Զուիցերիա երեք ամսուան պայմանաժամ մը ունի բողոքելու համար այս վճիռին դէմ:
***
Խնդրոյ առարկայ վճիռէն ետք Զուիցերիա-Հայաստան ընկերակցութիւնն ալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակած է, ուր գլխաւորաբար կ՚ըսուի թէ մարդկային արժանապատւութիւնը Զուիցերիոյ համար պէտք է մնայ նախապատւութիւն մը:
«Նոր Յառաջ»