Հայաստանի Անկախության 27-րդ տարեդարձի տոնակատարությունը օդեսահայ համայնքում
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2018/09/odesa.jpg)
Եւ ծնուեց կրկին, յառնեց յանց փիւնիկ1991-ին,
Եւ մայրաքաղաք հռչակուեց կրկին
Արեւոտ ու տաք Երեւանը հին,
Եւ 21-ը սեպտեմբերի
Տօնն է հայութեան, նոր Հայաստանի…
Ա. Սարգսեան
Օդեսայի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ յարակից հրապարակին վրայ, որ եւս կը կրէ Լուսաւորչի պայծառ անունը, հանդիսաւոր ու գեղեցիկ նշուեցաւ Անկախութեան 27-րդ տարեդարձը:
Մշակոյթի տան տնօրէն Աննա Գէորգեանի նախաձեռնութեամբ ու համայնքի ղեկավարութեան աջակցութեամբ կազմակերպուած էր բացօթեայ համերգ-հանդիսութիւն, որուն ներկայ էին օդեսահայերու հոգեւոր հովիւը եւ եկեղեցական վարչութեան անդամները, մեծարգոյ ու պատուաւոր հիւրեր` բարձրաստիճան հոգեւոր հայրեր եւ պետական այրեր` քաղաքային եւ մարզային իշխանութիւններու ղեկավարներ ու ներկայացուցիչներ, կրթական բարձրագոյն հաստատութիւններու տնօրէններ, հեռուստաընկերութիւններու թղթակիցներ, լրագրողներ եւ մեծաթիւ օդեսահայեր: Տօնական ձեռնարկին կամայ թէ ակամայ ունկնդիր եւ ականատես եղան շրջակայքին մէջ բնակողներն ու անցուդարձողները:
Ուքրանիոյ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշներու ծփանքի ներքոյ հնչեցին երկու երկիրներու օրհներգները: Կը կատարէր սիմֆոնիկ համոյթը, որ կը ղեկավարէր Օդեսայի օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնի խմբավար, միջազգային մրցոյթներու դափնեկիր Վիտալի Կովալչուկը: Նուագախումբին ձայնակցեցան մշակոյթի տան «Արեւիկ» նախակրթարանի սաները` տօնին վայելուչ պահուածքով ու համահունչ հանդերձներով:
Այնուհետեւ, աղօթք առաքելով առ Ամենազօր Աստուած եւ երկնային օրհնութիւն մաղթելով երկու երկիրներուն` Տէր Աբգար քահանայ Գըլըճեան իր խորին ակնածանքը յայտնեց պատուարժան հիւրերուն, բոլորին, որոնք այսօր մարզի հայութեան հետ կը տօնեն անկախութեան տարեդարձը եւ կ´ըմբոշխնեն անոր բերկրանքը:
Ողջունելով ներկաները` համայնքի նախագահ Սամուէլ Տիգրանեան եւս սրտագին խօսքերով դիմեց հիւրերուն, որոնք իրենց մասնակցութեամբ բարձր կը գնահատեն այս իրադարձութիւններու դերը եւ կը ցուցաբերեն իրենց բարեացակամ վերաբերմունքը օդեսահայութեան հանդէպ. «Սեպտեմբեր 21-ը մեր ժողովուրդի սխրանքի տօնն է, որուն ուրախ առիթէն օգտուելով` սրտանց կը մաղթեմ` խաղաղութիւն իջնէ մեր ցասկոտ հոգիներուն, որ անկախութեան տօները վերածուին սիրոյ եւ բարեկամութեան տօնակատարութիւններու, որ հաշտութեան եւ խաղաղութեան շունչը թեւածէ խորհրդային նախկին հանրապետութիւններուն միջեւ, որ անոնք ծաղկին, բարգաւաճին եւ ի զօրու ըլլան` իրենց ժողովուրդներուն ապահովելու բարեկեցիկ կեանք»:
Այսօրուան հանդիսաւոր իրադարձութեան կապակցութեամբ հայ ժողովուրդին եւ մարզի բազմաքանակ օդեսահայութեան շնորհաւորական խօսքեր յղեցին հոգեւոր դասի ներկայացուցիչները, նշելով, որ մեր դրախտավայր երկրին նման, որ առաջինն էր քրիստոնէական աշխարհին մէջ, ծովափնեայ այս բարձունքը վերածուած է փոքրիկ դրախտային Հայաստանի մը: Անոնք ելոյթներուն մէջ ընդգծեցին, որ Օդեսան ալ առաջին քաղաքն էր յետխորհրդային տարածութեան մէջ, ուր հայրենիքի սահմաններէն դուրս յառնեց սուրբ տաճարը, եւ իրենց համար մեծ պատիւ է` մէկ մասնիկը ըլլալու հայ ժողովուրդի համազգային մեծ տօնին:
Շնորհաւորանքի իր խօսքին մէջ օդեսահայերու մեծ բարեկամ, Ուքրանիոյ Գերագոյն խորհուրդի պատգամաւոր, իրաւաբանական ակադեմիայի նախագահ, ճանչցուած հասարակական եւ քաղաքական գործիչ Սերգէյ Կիւալովն այսպէս արտայայտուեցաւ.«Անտարակոյս, շնորհիւ նուիրեալ հայերու` ծովափնեայ այս գեղատեսիլ բարձունքը դարձած է ազգային նկարագրի պահպանման, հայութեան հոգեւոր ու մշակութային զարգացման կեդրոն: Անոնցմէ է համայնքի նախագահ Սամուէլ Տիգրանեան, որ նշանակալի աւանդ ունի նաեւ մարզի ու քաղաքի բարգաւաճման, յառաջընթացի, ազգերու միջեւ բարեկամական յարաբերութիւներու հաստատման գործին եւ հեղինակաւոր ձայն` տարածաշրջանի հասարակական -քաղաքական կեանքին մէջ: Կառուցելն ու արարելը անոր կեանքի ուղեկիցներն են: Պատահական չէր, շահելով օդեսացիներու վստահութիւնը, քաղաքի ծննդեան օրը ան արժանացաւ «Օդեսայի պատուաւոր քաղաքացի» վեհ կոչումին»:
Հանդիսութեան շարունակութիւնը եղաւ դասական երաժշտութեան համերգը, որ մատուցեց սիմֆոնիկ համոյթը. հաճոյքով ու խանդավառութեամբ ունկնդրեցինք հայ երգահաններու ստեղծագործութիւնները:
Օփերայի երգչուհի Գայեանէ Յարութիւնեանի շրթունքներէն, «որպէս աղօթք», հնչեց «Էրեբունի-Երեւան» օրհներգը, եւ ճախրեց «Ծիծեռնակ»-ը` «հայրենի կտուրի տակ հիւսելու իր բոյնը»: Տպաւորիչ ու յուզումնալից էր մեներգչուհիին կատարումը. այն կը յուշէր` ինքն է ծիծեռնակը, որուն համար հայրենի կտուրը սուրբ տաճարի զանգակատան գմբէթն է, իսկ հայրենի տունը` շատոնց դարձած է հայ համայնքի մշակոյթի օճախը:
Հաճելի անակնկալ էր իրաւաբանական համալսարանի ուսանողներու ելոյթը. հնչեցին ծովափնայ Օդեսային ձօնուած` «У Чёрного моря» եւ «Солнечный город» հանրայայտ երգերը:
Հանդիսութիւնը համեմուեցաւ հայ բանաստեղծներու հայրենաշունչ քերթուածներով. ասմունքեց հաղորդավարուհի Ազգանոյշ Վարդանեան:
Ելոյթներն արժանացան ունկնդիրներու բուռն ծափահարութիւններուն ու հիացական գնահատականին:
Այս գեղեցիկ տօնակատարութիւնը հաւաստեց` անկախութիւնը նորից մեր ժողովուրդին ներշնչած է հաւատք, ուժ, երթ, որն ալ ծնունդ տուաւ ընթացիկ տարուան հայրենիքի մէջ կատարուած իրադարձութիւններուն: Զարմանալի ճակատագիր ունեցող «Յաւերժի ճամփորդը» կրկին կը ձգտի իր ձեռքով կերտել իր երկրի ապագան եւ իր սիրելի բանաստեղծին նման կը բարձրաձայնէ.
Վառ ու հզօր քո ապագան
Կայծակում է իմ դէմ,
Դու, յաւերժո՛ղ իմ Հայաստան,
Անուն քաղցր ու վսեմ …
Նարինէ Մուրադեան, ք. Օդեսա