Կալաթասարայ լիսէին մէջ այլեւս պիտի չկարենան ուսանիլ հայ եւ հրեայ պատանիները
Թուրք մամուլէն կը տեղեկանանք, թէ Պոլսոյ՝ երբեմնի ֆրանսական թեքումով հանրածանօթ Կալաթասարայ լիսէին մէջ ուսանիլը այսուհետեւ երազ մը կը դառնայ հայ եւ հրեայ (Պոլիս մնացած՝ ոչ-մահմետական գլխաւոր երկու փոքրամասնութիւնները) աշակերտութեան համար: Պատճառը մուտքի քննութեանց մէջ կրօնական՝ Իսլամի վերաբերող հարցումներու ներգրաւումն է: Արդէն, առաջին փորձառութիւն մըն ալ եղած է, եւ առջի շաբաթ տեղի ունեցած քննութիւններուն՝ կրօնական խորքով հարցումները մեծ անհաւասարութիւններ ստեղծած են մահմետական եւ ոչ-մահմետական թեկնածուներուն միջեւ:
«Նոր Յառաջ»