Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան նո­ւիրո­ւած բա­նախօ­սու­թիւն-վի­ճար­կում Պրիւ­սէ­լի մէջ

Դեկտեմ­բեր 2ին, Պրիւ­սէ­լի մէջ ՀԲԸՄ-ի հո­վանա­ւորու­թեամբ եւ մաս­նակցու­թեամբ՝ ցե­ղապաշ­տութեան եւ խտրա­կանու­թեան դէմ պայ­քա­րի թրքա­կան ծա­նօթ «DurDe» կազ­մա­կեր­պութեան, եւ Ցե­ղապաշ­տութեան դէմ եւ­րո­պական շար­ժումին (EGAM), տե­ղի ու­նե­ցած է Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան նո­ւիրո­ւած բա­նախօ­սու­թիւն-վի­ճար­կում մը: ՀԲԸՄ-ը ներ­կա­յացու­ցած է Նի­քոլա Դա­ւիթեանը:

EGAM-ի գոր­ծա­դիր տնօ­րէնը Փօլ Մաքս Մօ­րէն յայտնած է, թէ “եւ­րո­պացի­ները հե­տաքրքրո­ւած են եւ տպա­ւորո­ւած այն գոր­ծով, որ կ՚ընէ «DurDe»ն: Մենք գի­տենք, որ ար­դէն դժո­ւար է ըլ­լալ հան­րա­յին գոր­ծիչ երկրի մը մէջ, ուր կայ խօս­քի ազա­տու­թիւն, օրի­նակ: Ֆրան­սա­յի, Գեր­մա­նիոյ, Արեւմտեան Եւ­րո­պայի մէջ, բայց շատ աւե­լի դժո­ւար է ըլ­լալ գոր­ծիչ երկրի մը մէջ, ուր ազա­տու­թիւննե­րը սահ­մա­նափա­կուած են: Այնպէս որ, մենք կը գնա­հատենք այն ինչ որ կ՚ընէ «DurDe»ն: Զօ­րավիգ ենք աւե­լի ժո­ղովրդա­վար Թուրքիոյ, եւ ասի­կա առիթ մըն է խրա­խու­սե­լու Թուրքիոյ մէջ ծնունդ առ­նող ժո­ղովրդա­վարա­կան գոր­ծընթաց­նե­րը”:

«DurDe»-ն թրքական հան­րա­յին այն ըն­կե­րու­թիւննե­րէն է, որ քա­նի մը տա­րիէ ի վեր նախ Պոլ­սոյ մէջ, ապա Թուրքիոյ բազ­մա­թիւ այլ քա­ղաք­նե­րուն մէջ նա­խաձեռ­նեց Ապ­րիլ 24ի նշումներուն:

«DurDe»ի գոր­ծիչնե­րէն Լե­վէնթ Սեն­սե­վէր ալ ըսած է, թէ “թրքա­կան կա­ռավա­րու­թիւնը կը փոր­ձէ տե­ղացի Հա­յերը տրա­մադ­րել Սփիւռքի Հա­յոց դէմ՝ ըսե­լով, թէ «Թուրքիա բնա­կող Հա­յերը լաւ են, Սփիւռքա­հայե­րը չա­րիք են, մեր դէմ կը գոր­ծեն», բայց մենք այդպէս չենք տես­ներ պատ­կե­րը: Մեր հա­մոզու­մով: Սփիւռքա­հայե­րու նախ­նի­ներուն շա­տերը Անա­տոլիայէն են, ապ­րած են այ­սօ­րուան Թուրքիոյ հո­ղերուն վրայ եւ պար­տադրո­ւած եղած են լքե­լու իրենց հայ­րե­նիքը: Այդ իսկ պատ­ճա­ռով, մենք կը կար­ծենք, որ անոնք լիար­ժէք իրա­ւունք ու­նին վե­րադառ­նա­լու իրենց պատ­մա­կան հայ­րե­նիքի հո­ղերը, օգ­տո­ւելու լիար­ժէք քա­ղաքա­ցիու­թենէ եւ վերստա­նալու իրենց ու­նե­ցուած­քը”:

Կ՚ար­ժէ նշել, որ ձեռ­նարկը կազ­մա­կեր­պո­ւած է Պրիւ­սէ­լի ամե­նէն թրքա­շատ թա­ղամա­սերէն մէ­կուն մէջ:

«Նոր Յառաջ» 

Scroll Up