Ամանորի Եւ Ս. Ծնունդի Իւրայատուկ Եւ Հայկական Ցուցահանդէս-Վաճառք
Հովանաւորութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան, նախագահութեամբ տէր եւ տիկին Սէմ Րագուպեանին, գործակցութեամբ Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան եւ կազմակերպութեամբ «Շուշի» խումբին, շաբաթ, 30 նոյեմբեր 2013-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ս. Խաչ եկեղեցւոյ «Պետողլեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ամանորի եւ Ս. Ծնունդի ցուցահանդէս-վաճառք:
Հանդիսութեան բարի գալուստի խօսքը արտասանեց «Շուշի» խումբի համանախագահ Րաֆֆի Տեմիրճեան, որ նշեց, թէ «Շուշի» խումբը երկրորդ տարին ըլլալով կը կազմակերպէ այս բնոյթի ցուցահանդէս, որուն նպատակն է քաջալերել հայկականը եւ ստեղծել տօնական խանդավառ մթնոլորտ:
Իր կարգին, Ս. Խաչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ հայր Սեպուհ վրդ. Կարապետեան հաստատեց, որ պէտք է պահպանել հայ ժողովուրդի ազգային եւ հոգեւոր արժէքները, եւ այս ծիրին մէջ «Շուշի» խումբը մեծ գործ կը տանի:
Ապա խօսք առաւ հանդիսութեան նախագահ Սէմ Րագուպեան, որ մեծապէս գնահատեց «Շուշի» խումբի ազնիւ եւ ազգային գործունէութիւնը, որ ստեղծած է աշխուժ մթնոլորտ:
Պաշտօնական հանդիսութեան աւարտին, «Շուշի» խումբի համանախագահ Արամ Գարատաղլեան վստահութեան եւ երախտագիտութեան յուշանուէրներ յանձնեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Աշոտ Քոչարեանին, Սէմ Րագուպեանին եւ հայր Սեպուհ վրդ. Կարապետեանին:
Ցուցահանդէսին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն հայրենի արուեստագէտ Արմէն Բարսեղեան, Թալին Հանէշեան, Շահէ Տէր Յարութիւնեան, Քնար Ասդարճեան, Վանիա Անթունեան, Յարութ Տեմիրճեան, «Քարիթաս», «Հայֆուտ», Զմմառու վանքի գինեգործարան, «Թրէյտ փլաս», «Սիլվա՛զ քոլլեքշըն», «Օրօր Արթս», «Վարդի քրեֆթս էնտ քութիւր», «Արթ Պրօ» եւ «Պատկեր»: