Ցնցիչ արտայայտութիւններ Թուրքիոյ վարչապետէն՝ «Արեւելեան եւ Հարաւ-արեւելեան Անատոլիան Քիւրտիստանի նահանգներ էին»

Տիյարպաքըրի (Տիգրանակերտ) մէջ Մասուտ Պարզանիի հետ հանդիպումէն ետք ունեցած յայտարարութիւններուն մէջ, Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողանի գործածած «Քիւրտիստան» եզրը լայնօրէն քննադատուած է իր երկրին մէջ, բողոքի մեծ ալիք բարձրացուցած է:
Այս քննադատութիւններուն դէմ ինքզինք արդարացնելու համար, Էրտողան այնպիսի բաներ ըսած է, զորս դեռ քանի մը տարի առաջ երազելն իսկ կարելի չէր:
Իր կուսակցութեան խմբակցութեան աշխատանքի ժողովին անդրադառնալով հարցին, Էրտողան թելադրած է անոնց, որոնք այսօր գայթակղած են իր «Քիւրտիստան» արտայայտութեամբ, երթալ օսմանեան պատմութեան էջերը թերթատել, ուր անոնք պիտի տեսնեն, թէ «Արեւելեան եւ Հարաւ-արեւելեան Անատոլիան Քիւրտիստանի նահանգներ էին»: Աւելցնելով է, որ «Քիւրտիստան» եզրը արձանագրուած է նաեւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի առաջին նիստերու տոմարներուն մէջ, այսօր զինք «անջատողական» յորջորջողներուն հարց տուած է՝ «ուրեմն Մուսթաֆա Քէմա՞լ ալ անջատողական մըն էր»:
Թուրք վարչապետը ցնցիչ արտայայտութիւններ ունեցած է ընդհանուր առմամբ տեղանուններուն մասին, ըսելով՝ «1960ին փոխւած նոր անունները կը փորձեն այնպէս ներկայացնել, թէ հազար տարուան անցեալ ունին»:
Իր «հակայարձակումը» գլխաւորաբար ուղղելով CHP-ին (Ժողովուրդի հանրապետութեան կուսակցութեան) եւ MHP-ին (Ազգայնական շարժում կուսակցութեան), Էրտողան զանոնք յորդորած է ըսելով թէ պետութիւններու յարաբերութիւնները չեն կրնար ընթանալ փոխվրէժներու հիման վրայ: «Ասոնց լաւ գիտակցողներէն մէկը Մուսթաֆա Քէմալն էր: Թուրքիոյ մօտ անցեալը MHP-ի եւ CHP-ի գծած պատկերին չի համապատասխաներ…»,- ըսած է ան:
«Նոր Յառաջ»