Թուրքիա՝ հաւատարիմ իր գործելաձեւին

«Սիտնի Մորնինկ Հերըլտ» թերթը իր Շաբաթ, Նոյեմբեր 16ի թիւով կը տեղեկացնէ, թէ Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ Ճեմիլ Չիչէք անգամ մը եւս անուղղակի կերպով սպառնացած է Կալիփոլիի մէջ 1915ին տեղի ունեցած ճակատամարտին ընթացքին զոհուած Աւստրալիոյ եւ Նիւ Զելանտայի զինուորներու յիշատակին գալ տարի կայանալիք արարողութիւններուն մասնակցութիւնը արգիլել նահանգային այն երեսփոխաններուն, որոնք վաւերացուցած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւը:

Չիչէք կոչ ըրած է Աւստրալիոյ Նոր Հարաւային Կալլէսի նահանգային խորհրդարանին, որ ետ քաշէ 2012ին վաւերացուած եւ Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւը՝ ազդարարելով, թէ Աւստրալիոյ խորհրդարանին կողմէ նման բանաձեւի մը վաւերացումը կրնայ վնաս հասցնել Աւստրալիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութեանց:

Նոր Հարաւային Կալլէսի նահանգային կառավարութեան վարչապետ Պերի Օ՛Ֆերըլ, իր կարգին դատապարտած է Կալիփոլիի զոհերուն յիշատակը քաղաքական նպատակներու համար շահագործելու Չիչէքի եւ Թուրքիոյ փորձերը:

Նման յայտարարութիւն մը կատարած է նաեւ Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Վաչէ Քահրամանեան: «Գրեթէ 100 տարի է, որ Թուրքիա կը շարունակէ ուրանալ պատմական այս իրողութիւնը», ըսած է ան:

Թերթը նաեւ կը նշէ, թէ այս լրատըւութիւնը կատարած Ճուտիթ Ուէյլըն, Թուրքիա այցելած էր՝ թրքական «Թրքիշ Էռլայնզ» օդանաւային ընկերութեան հրաւէրով:

«Նոր Յառաջ» 

Scroll Up