ՀՀ ՍՓՅՈՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹՅՈՒՆԸ 5 ՏԱՐԵԿԱՆ Է.
«Դէպի նոր հնգամեակներ».
2008 թուականի Հոկտեմբերին կեանքի կոչուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարարութիւնր: Կարեւոր դեր խաղալու սահմանուած նախարարութիւն մր, որուն նպատակներն են զարգացնել Սփիւոք-Հայսատան գործակցութիւնը, օժանդակել Սփիւռքի մէջ հայապահպանումի եւ ազգային ինքնութեան արմատաւորման ճիգերուն, աջակցիլ Սփիւուոքի համայնքներու զարգացման ճիգերուն, հայրենիքը ծանօթացնել աշխարհասփիւռ հայութեան, հայրենաղարձութիւնը քաջալերող ծրագիրնեը մշակել, ինչպես նաեւ օգտագործել Սփիւռքահայութեաև ներուժր միացեալ ջանքերով համազգային խնղիրներ լուծելու եւ հայկական պետականութիւնը ամրապնդելու ուղղութեամբ:
Այս յոբելեանին սռիթով պէտք է արձանագրել, որ Սփիւռքի նախարարութիւնը իր գոյութեան առաջին հնգամեակին ընթացքին ունեցաւ շատ աշխոյժ եւ մեծապէս գնահատելի գործունէութիւն: Կրթա-մշակութային այլազան միջոցառումները մեծ թափով յաջորդեցիև իրարու: Թուենք մի քանին.
-«Արի տուն» ծրագրին միջոցով բազմահարիւր հայ պատանիներ եւ պարմանուհիներ ամէն տարի կը ծանօթանան իրենց հայրենիքին եւ հայրենի իրագործումներուն:
-«Իմ Հայաստան» փառատօնը նոյն բեմահարթակին վրայ կը հանէ մշակոյթի այլազան մարզերու մեկնաբաններ եւ կատարողներ հայրենիքէն եւ Սփիւռքէն:
-Հայրենիքէն եւ Սփիւոքէն հայագիր եւ օտարագիր հայ գրողներ կը համախմբուին համաժողովներու մէջ, որոնք կր ձգտին մտաւոր եւ հոգեկան միասնութիւն ստեղծելու նպատակին:
-Տարբեր ասպարէզներու մէջ գործող սփիւռքահայ եւ հայրենի մաըդուժը մէկտեղող գիտական խորհրդաժողովներ կը սատարեն փոխադարձ ծանօթացման եւ ամուր կապերու ստեղծման ճիգերուն:
-Հրատարակչական լայնածիր աշխատանք կը կատարուի՝ հայ ընթերցողին ծանօթացնելու համար Սփիւռքը, սփիւռքահայ արժէքները եւ Սփիւոք-Հայաստան միասնական երթը:
Սփիւռքի նախարարութեան հիմնումէև առաջ Սփիւռք-Հայաստան գործակցութեան նման լայնածավալ եւ հետեւողական գործունէութիւն գոյութիւն չունէր: Սփիւռքի նախարարութեան գործունեութեան այս հնգամեակը եղաւ հարուստ Սփիւռք-Հայաստան գործակցութեան նախընթաց չունեցող քայլերով: Քայլեր, որոնք հզօր եւ միակամ հայութեան ստեղծման ճամբուն վրայ շատ գնահատելի իրագործումներ են:
Կը շնորհաւորենք Սփիւռքի նախարարութիւնը իր ծաւալած բեղուն եւ օգտաշատ գործունէութեան համար: Կը մաղթենք, որ ան իր արդիւնաւէտ աշխատանքը աւելի եւս զարգացնէ նորանոր հնգամեակներու ընթացքին: Կը մաղթենք, որ Սփիւոք-Հայաստան գործակցութեան ճիգերը միշտ աւելի զարգանան, որ միասնութիւնը եւ իրարհասկացողութիւնը ամբողջական ըլլան Սփիւռքի եւ Հայաստանի միջեւ, որ Սփիւռքը եւ Հայաստանը միասնաբար մշակեն եւ գործադրեն ազգի եւ հայրենիքի հզօրանքր բազմապատկող իրապաշտ եւ ամբողջական ռազմավարութիւն մը:
Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Կեդրոնական Վարչութիւն