Լոյս Տեսաւ «Պատմութիւն Անթէպի Հայոց» Հատորաշարքը

ԱՆթիլիասի տպարանէն լոյս տեսան յուշամատեաններու երրորդ եւ չորրորդ հատորները` «Պատմութիւն Անթէպի հայոց» 2 հատորով:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ եւ Արամ Ա. կաթողիկոսի անմիջական հսկողութեամբ, Անթիլիասի տպարանէն հերթականօրէն կը շարունակուին լոյս տեսնել 20-րդ դարու սկիզբին հայ ժողովուրդին դէմ գործուած Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ քաղաքներուն, գիւղերուն եւ շրջաններուն նուիրուած յուշամատեաններու վերահրատարակութեան աշխատանքները:

Յուշամատեաններու առաջին երկու հատորներն էին «Ատանայի հայոց պատմութիւն» եւ «Պատմութիւն Տարօն աշխարհի»: Ներկայ հրատարակութեան «Պատմութիւն Անթէպի հայոց» երրորդ եւ չորրորդ հատորները առաջին անգամ լոյս տեսած են 1953-ին Լոս Անճելըս, դոկտ. Գէորգ Ա. Սարաֆեանի աշխատասիրութեամբ: Ներկայ հրատարակութեան խմբագիրն է բանասէր, նախկին տնօրէն եւ «Կամար» գրական պարբերաթերթի խմբագիր Ժիրայր Դանիէլեան:

Զոյգ հատորները իրենց մէջ կը պարունակեն Այնթէպի պատմական, աշխարհագրական, տնտեսական, լեզուական, գրական, հայրենակցական, եւ այլ երեսները, ինչ որ ընթերցողին ամբողջական պատկեր կու տայ Այնթէպի ու այնթէպցիներուն մասին: Խմբագիրը երկու հատորներն ալ օժտած է տեղանուններու եւ անձնանուններու ցանկերով, «որոնք մաս կազմած են առաջին հրատարակութեան բովանդակութեան»: Խմբագիրը նաեւ կատարած է «հիմնական թերացումներու,- ուղղագրական, կէտադրական, լեզուական, տպագրական, եւ այլն,- սրբագրութիւն»: Յատուկ անուններու պարագային նկատի առնուած է միակերպութիւն ու միատարրութիւն:

Սոյն զոյգ հատորները տպագրուած են մեկենասութեամբ տէր եւ տիկին Կարպիս եւ Արեգ Նազարեաններու:

Անթիլիասի տպարանէն յաջորդաբար հրատարակութեան պիտի տրուին «Հաճընի ընդհանուր պատմութիւն», «Վասպուրական», «Մարաշ կամ Գերմանիկ», «Պատմագիրք Կիւրինի» յուշամատեանները:

 aztagdaily.com

Scroll Up