Ցեղասպանութեան Մասին Աքչամի Գիրքը Մրցանակ Կը Շահի

Թուրք պատմաբան Թաներ Աքչամի «Մարդկութեան դէմ երիտասարդ թուրքերու կատարած յանցագործութիւնը. Հայոց  ցեղասպանութիւնը եւ ցեղային զտումները Օսմանեան կայսրութեան մէջ («The Young Turk՛s Crime Against Humanity: The Armenian Genocide and Ethnic Cleansing in the Ottoman Empire») աշխատութիւնը Մերձաւոր Արեւելքի ուսումնասիրութիւններու միութեան (Middle East Studies Association, MESA) կողմէ ընտրուած է 2013-ի լաւագոյն գիրքը:

Ըստ թրքական «Թարաֆ» թերթին, մրցանակը Աքչամին յանձնած են յայտնի պատմագէտներ Վահագն Տատրեան եւ Ռիչըրտ Յովհաննէսեան: Միութիւնը հետեւեալը ըսած է Աքչամի աշխատութեան մասին. «Այս գործը Հայոց ցեղասպանութեան մասին ցարդ կատարուած ամէնէն ազդու գիտական աշխատութիւնն է»:

Իր կարգին, Աքչամ ըսած է. «Մրցանակ շնորհելով Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած այս գիրքին` MESA-ն հաւանաբար էջ մը կը փակէ Օսմանեան պատմագրութեան շրջանի մը վրայ»:

aztagdaily.com

Scroll Up