ՀՀ ՍՓՅՈՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹՅՈՒՆԸ 5 ՏԱՐԵԿԱՆ Է
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2013/10/Untitled-1.jpg)
Մեծայա´րգ Տիկին Յակոբեան.
Շնորհակալութեամբ ստացայ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան 5-ամեայ յոբելեանին նուիրուած պաշտօնական հանդիսութեան ներկայ գտնուելու Ձեր ուղարկած հրաւէրը:
ՀՀ Սփիւռքի նախարարութիւնը՝ յանձինս Ձեզի եւ Ձեր անխոնջ աշխատւսնքներուն շնորհիւ, հինգ տարուան ժամանակամիջոցին ոչ միայն վիթխարի աշխատանքներ տարաւ Սփիւռքի հայ գաղութները Հայրենիքին կապելու եւ անկախացած Հայրենիքի ու անոր պետականութեամբ զարգացող իրականութեան «Արի տուն» կանչը հանդիսանալու առումով, այլեւ յաջողեցաւ Սփիւռքի գաղութներու մէջ տիրական եւ ազդու ներկայութիւն ըլլալ եւ իր այդ ներկայութեամբ իսկ մշակութային եւ արուեստներու յորդաբուխ ովասիս դառնալ՝ մեր ժողովուրդին մէջ վառ պահելով սէրը հայ փառապանծ պատմութեան եւ կրակը Հայ Ոգիին:
Այսու մեծապէս գնահատելով ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան ընդմէջէն մասնաւորապէս Ձեր հսկայ աշխատանքները, կը շնորհաւորեմ Ձեզ եւ Ձեր աշխատակազմը ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան 5-ամեայ յոբելեանին առիթով, ինչպէս նաեւ Հայաստանի անկախութեան 22-րդ տարեդարձը, եւ կը մաղթեմ քաջառողջութիւն եւ նորանոր յաջողութիւններ՝ պատրաստ ըլլալով ամէն համագործակցութեան Ձեզի հետ՝ ի խնդիր Հայաստանի եւ Սփիւռքի մեր ժողովուրդին բարգաւաճման եւ բարօրութեան:
Յարգանքով եւ խորին շնորհակալութեամբ՝
Շանթ Չինչինեան
Լիբանանի խորհրդարանի անդամ