Վահէ Պարսումեանի Գործերու Ցուցահանդէսի Բացում
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2013/10/IMG_9241-color-300x199.jpg)
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին, հինգշաբթի, 17 հոկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին բացումը կատարուեցաւ Վահէ Պարսումեանի ցուցահանդէսին` ներկայութեամբ մեծ թիւով հայ եւ օտար արուեստասէրներու եւ արուեստագէտներու:
Բարի գալուստի խօսքը ֆրանսերէնով փոխանցեց ցուցասրահի վարչութեան անդամ Լոլա Պէօյիւքեանը: Ապա արուեստագէտը հայերէնով ներկայացուց ցուցասրահի անձնակազմէն Սիւզի Տէրտէրեանը: Ան յայտնեց, որ արուեստագէտ Վահէ Պարսումեան ծնած է Լիբանան, սակայն իր ստեղծագործական կեանքը շարունակած է Եւրոպայի մէջ եւ հետեւած նկարչական միջազգային զանազան դպրոցներու ու ոճերու: Տէրտէրեան աւելցուց, որ Պարսումեան արուեստագէտ ըլլալու կողքին նաեւ արուեստի պատմութեան հմուտ անձնաւորութիւն մըն է եւ այս իմաստով ունի իր վաւերական տեսակէտները: Ան նշեց, թէ Պարսումեան մտաւորական արուեստագէտ մըն է, եւ անոր խօսքը ունի կշիռ ու հմայք:
Վահէ Պարսումեան
Լոլա Պէօյիւքեան
Բացման հանդիսութեան վերջաւորութեան իր սրտի խօսքը փոխանցեց Վահէ Պարսումեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց ցուցասրահի տնօրէնութեան, որ առիթ ընձեռեց իրեն երկար տարիներու բացակայութենէ ետք Լիբանանի մէջ կայացնել իր այս ցուցահանդէսը` մաղթելով բարի վայելում բոլորին:
Յայտնենք, որ ցուցահանդէսը կը շարունակուի մինչեւ 29 հոկտեմբեր` ամէն օր առաւօտեան ժամը 9:30-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:30:
aztagdaily.com