ՀՀ ՍՓՅՈՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹՅՈՒՆԸ 5 ՏԱՐԵԿԱՆ Է

Հայրապետական գիր օրհնութեան առ Սփիւռքի նախարարուհի Տիկին Հրանոյշ Յակոբեան

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ ԿաթողիկոսութեանԱնթիլիասի Մայրավանքէն հայրապետական օրհնութեամբ, քրիստոնեական ջերմ սիրով ու ազգային վառ ապրումներով կողջունենք Ձեզ:

Մեզի յղած Ձեր նամակէն ուրախութեամբ իմացանք, որ այս տարի կը լրանայ Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարարութեան հաստատման հնգամեակը: Հոգեկան անհուն ուրախութեամբ կողջունենք այս կարեւոր հանգրուանը Սփիւռքի նախարարութեան գործունէութեան մէջ: Արդարեւ, այս կարճ ժամանակաշրջանին Նախարարութիւնը ո´չ միայն ինքնակազմակերպումի ու ինքնահաստատման ծիրէն ներս յատկանշական քայլեր առաւ, այլ նաեւ հաւատարիմ իր առաքելութեան՝ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան ամրացման նոր հեռանկարներ ու նոր ուղիներ բացաւ:

Այս առիթով հետեւեալ մտածումները կուզենք փոխանցել Ձեզի.-

Առաջին հերթին, հինգամեակը Նախարարութիւնը պէտք է մղէ  ինքնարժեւորման՝ քննական ոգիով ու իրապաշտ մօտեցումով: Իրագործումներու շարքին, բնականաբար նաեւ եղան թերացումներ: Անհրաժեշտ է, հետեւաբար, լուսարձակի տակ բերել այն բնագաւառները, ուր կարիքը կայ տարբեր մօտեցումներու եւ տարբեր շեշտաւորումներու:

Երկրորդ, Նախարարութեան համար հնգամեակը առիթ մը եղաւ աւելի մօտէն ճանչնալու Սփիւռքը: Արդ, տեսական ու զգացական մօտեցումներէ անդին՝ անհրաժեշտ է գործնապաշտ հայեցակէտով ու փորձառական տուեալներով համապարփակ ճանաչումը ունենալ Սփիւռքին, որ հետզհետէ սկսած է դառնալ զանազանութիւններով ու տարբերութիւններով լեցուն  իրականութիւն մը: Այս իրողութիւնը կենթադրէ գործակցութեան տարբեր ոճ ու նաեւ տարբեր առաջնահերթութիւն:

  Երրորդ, Հայաստան-Սփիւռք գործակցութիւնը կենթադրէ  նաեւ Սփիւռքի գործօն մասնակցութիւն: Անցնող տարիներուն, ճիշդ է, Սփիւռքը մասնակից դարձաւ Նախարարութեան աշխատանքին: Մեր սպասումնէ, որ այդ մասնակցութիւնը դառնայ աւելի´ աշխոյժ, ծրագրուած ու հետեւողական: Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան ծիրէն ներս մեր ժողովուրդի այս երկու բեւեռները իրարու շատ տալիք եւ իրարմէ շատ առնելիք ունին: Գործակցութիւնը կը դառնայ շինիչ ու արդիւնաւէտ, երբ անոնք միասնաբար ճշդեն ի´նչ տալ եւ ի´նչ առնել: Այս գծով Սփիւռքի նախարարութեան դերը կը նկատենք կենսական:

 Արդարեւ, անցնող շրջանին Նախարարութեան առաջին Նախարարուհին՝ Տիկին Հրանոյշ Յակոբեան, մեծապէս կարեւոր դեր կատարեց ո´չ միայն Նախարարութեան կայացման ու հաստատման գործընթացին մէջ, այլ նաեւ Հայաստան-Սփիւռք կապերու ամրացման այնքան հրամայական աշխատանքին մէջ: Մեր Հայրապետական գնահատանքը կը յայտնենք Տիկին Յակոբեանին, ինչպէս նաեւ իր աշխատակազմի բոլոր անդամներուն, որոնք իրենց յանձնուած պարտաւորութիւններու ճամբով յատուկ ճիգ կատարեցին, որ Սփիւռքի նախարարութիւնը բարձրագոյն աստիճանի նուիրումով ու պատասխանատուութեամբ կատարէ իր ծառայութիւնը մեր ժողովուրդին:

Ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Նախարարութեան հնգամեակը եւ կը մաղթենք իրագործումներով հարուստ նորանոր ամեակներ: Կաղօթենք առ Բարձրեալն Աստուած, որ մեր սիրելի Հայրենիքը պահէ զօրեղ՝ իր պետականութեամբ, ամուր՝  իր բանակով եւ բարօր ու բարգաւաճ՝ իր ժողովուրդով:

Աղօթարար՝

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

Scroll Up