100-Ամեակի Նիստը` Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանատան Մէջ
Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինի նիստը տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան մէջ` ներկայութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեանի եւ Ա. քարտուղար Վարդան Ադամեանի:
Նիստը քննեց մարմինի գործունէութեան հիմնական կէտերը եւ յատկապէս 100-ամեակի պետական յանձնաժողովին հետ համագործակցութեան բաժինները: Յատուկ կերպով քննարկուեցաւ 2014-2015 ժամանակամիջոցին պետական յանձնաժողովին հետ համատեղ ջանքերով իրականացուելիք աշխատանքներուն բնոյթի եւ եղանակի ճշդումի հարցերը: