Հայկական մշակութային ժառանգութեան աւերի նոր դրուագ մը
Թուրքիա հայկական մշակութային ժառանգութիւնը անհետացնելու իր քաղաքականութիւնը կը շարունակէ անսանձ կերպով: Նոր դրուագը կը վերաբերի Մուշ քաղաքին:
Ներկայիս, սկսած են քանդել պատմական եւ մշակութային արժէք ներկայացնող Մշոյ հայկական տուները:
Փլուզումի որոշումը առնուած է Մշոյ նախկին քաղաքապետութեան կողմէ, որու մէջ մեծամասնութիւն կը կազմէին կրօնամէտ AKP-ականները: Կը նախատեսուի այդ տուներուն տեղ կառուցանել պետական բնակելի շէնքեր: Կ՚ըսուի, թէ փլուզման ծրագրին մաս կը կազմէ նաեւ մերձաւոր բաղնիքներն ալ, որոնք նոյնպէս պատմամշակութային մեծ արժէք կը ներկայացնեն:
«Այքըրըտօղրուլար» համացանցային թերթը, որ կը հաղորդէ լուրը, կ՚աւելցնէ նաեւ թէ քանդումի այս արարքներուն դէմ բողոքի որեւէ շարժում, ոստիկանութեան բուռն միջամտութեան կ՚արժանանայ:
Այս մասին, «ՎԱՆ» խմբակցութիւնը արձագանգելով տեղւոյն վրայ գտնուող աղբիւրի մը հաղորդած տեղեկութիւններուն, կը յայտնէ, թէ քանդումի որոշումը կայացած ըլլալով հանդերձ, պաշտօնապէս չէ սկսած գործադրուիլ: Բայց գիւղացիները իրե՛նք «լըծ-ւած են այդ աշխատանքին», քակած են դռները, պատուհանները, այն տուներուն, որոնք վաճառուած են արդէն իրենց «սեփականատէր»երուն կողմէ: Փորուած-փորփրուած է նաեւ ամէն կողմ, ոսկեղէն եւ այլ գանձեր գտնելու ակնկալութեամբ: Կ՚ըսուի, թէ «իրենց» տուները վաճառող գիւղացիները խաբուած են պետական նորակառոյց արդիական շէնքերու մէջ հաստատուելու խոստումներով եւ այսօր կ՚անդրադառնան, որ ատիկա զիրենք այդ վայրերէն տեղահան ընելու խորամանկ ձեւ մըն էր եւ իրենց խոստացուած նոր բնակարաններուն համար ալ ահռելի պարտքերու տակ մտած են:
Դէպքերու այս ուղղութեամբ զարգացումէն ետք, խնդրոյ առարկայ հայկական 216 տուներու «ներկայի սեփականատէր»երէն 19ը, զգաստացած, որոշած են սպասել իրավիճակին յստակացումին: Եւ երբ այս 19ը եւս յօժարին վաճառել, հաւանօրէն հողաբարձ մեքենաները անմիջապէս մուտք գործեն հոն, վերջնապէս ջնջելու համար հայկական հետքերը:
Կ՚արժէ թերեւս նշել այն եզակի բնակիչին պարագան եւս՝ միակը, որ կը յամառի չթողուլ իր տունը, եւ չհեռանալ: Յառաջիկայ օրերուն վստահաբար պիտի լսենք իր մասին, հանդիպինք այս մասին լուրերու, որոնց՝ առիթը կ՚ունենանք անդրադառնալու:
«Նոր Յառաջ»