Շարժանկար «Աւերակներու շշունջը»(LE MURMURE DES RUINES) ժապաւէնը՝ Ֆրանսայի պաստառներու վրայ
Լիլիան տը Քերմատէքի ժապաւէնը, որ նկարահանուած է Շուշիի մէջ 2008-ին, Յունիս 26-ին կը սկսի ցուցադրուիլ Ֆրանսայի պաստառներու վրայ: Հայերէն լեզուով, 93 վայրկեան (րոպե) երկարութեամբ այս ժապաւէնին արծարծած պատմութիւնը կը սկսի Կովկասի մէջ ալիւր կրող բեռնատար կառքի մը՝ իր ճամբան կորսնցնելով: Վարձակառքի վարորդ՝ Սեւակ կ՚ուզէ այս իրավիճակէն օգտուիլ: Սողոմոն եւ Զոյա Պաքուէն տեղահանուածներ են, որոնք տարբեր ազդեցութիւններ կրած են այդ ճակատագրէն: Զոյա, հակառակ անոր, որ շատ աւելի ընկճուածն է, գաղափարը կ՚ունենայ այս առիթը օգտագործելով՝ Շուշիի մէջ վերջապէս փուռ մը բանալու, որու խիստ կարիքը կը զգացուի քաղաքին մէջ…
Շարունակութիւնը պաստառին վրայ…
Նշումի արժանի է նաեւ այն կէտը, որ բոլոր դերասանները Շուշիի քաղաքացիներ են:
Ժապաւէնը արդէն ներկայացուած է Սան Ֆրանսիսքոյի, Երեւանի, Պրիւսէլի, Գրէթէյլի (Փարիզեան շրջան), Ճորճիայի եւ Գալիֆորնիոյ, Լոս Անճըլըսի (ԱՄՆ) շարժանկարի փառատօներուն:
«Նոր Յառաջ»