«Մինի Մարաթոն-2014». Պուրճ Համուտը Երէկ Վազեց Թմրամոլութեան Դէմ

Հովանաւորութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, կազմակերպութեամբ «Հորիզոն» թմրամոլութեան կանխարգիլման եւ նախազգուշացման գրասենեակին, երէկ` կիրակի, 29 յունիս 2014-ի առաւօտեան տեղի ունեցաւ Պուրճ Համուտի «Մինի մարաթոն-2014» վազքի մրցումը` «Միասնաբար վազե՛նք թմրամոլութեան դէմ» նշանաբանով:

Թմրամոլութեան դէմ արշաւի մարմինին մաս կազմող միութիւններ ամէն ճիգ ի գործ դրած էին վազքին յաջողութիւնը եւ վազողներուն հանգստութիւնը ապահովելու համար: Վազքի մրցումը ընթացք առաւ առաւօտեան ժամը 9:00-ին` Պուրճ Համուտի «Շաղզոյեան» կեդրոնին առջեւէն:

2906maraton4Նախքան մինի մարաթոնին ընթացք առնելը, Վահան Համամճեան մասնակիցներուն բացատրութիւններ տուաւ մրցումին մասին:

2906maraton52.5 քմ. երկարութիւն ունեցող  վազքի մրցումին մասնակցեցան շուրջ 300 հայորդիներ, որոնց կարգին` մեծ թիւով աշակերտներ, ծնողներ, պատանիներ, ԼԵՄ-ականներ, ԼՕԽ-ականներ եւ թմրամոլութեան դէմ պայքարին զօրակցող հայորդիներ: Մասնակիցները` երկու խումբի բաժնուած, երէցներ եւ կրտսերներ, ոգեւորութեամբ վազեցին Պուրճ Համուտի փողոցներուն մէջ եւ կարճ ժամանակի ընթացքին հասան Պուրճ Համուտի հրապարակ, ուր տեղի ունեցաւ փակման հանդիսութիւնը` խօսքերով եւ մետալաբաշխումով:

Նազելի Աւագեան

Նազելի Աւագեան

Այս առիթով, թմրամոլութեան դէմ արշաւի մարմինին անունով խօսք արտասանեց Նազելի Աւագեան: Ան ողջունեց «Մինի մարաթոն-2014»-ի մասնակիցները, որոնք քաջալեր հանդիսացան «Հորիզոն» թմրամոլութեան կանխարգիլման եւ նախազգուշացման գրասենեակի կազմակերպած վազքի մրցումին: «Մրցումը թմրեցուցիչի գործածութեան դէմ մեր «ո՛չ»-ը արտայայտելու միջոցներէն մէկն է. մինի մարաթոնէն անպայման յաղթական դուրս գալը չէ մեր նպատակը, այլ` միասնաբար արտայայտուած կեցուածքը` թմրամոլութեան ախտին դէմ», յայտնեց ան:

Աւագեան նաեւ ըսաւ, թէ նման նախաձեռնութիւններու եւ յաճախակի առիթներու ստեղծումը  կ՛ամրապնդէ նշեալ ախտին դէմ պայքարելու մեր հաւաքական կամքը: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, որ միշտ կը զօրակցի շրջանի բնակիչներուն` ապահովելով անոնց հանգիստ միջավայր եւ պայմաններ:

Ճորճ Գրիգորեան

Ճորճ Գրիգորեան

Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան խօսքը փոխանցեց փոխքաղաքապետ Ճորճ Գրիգորեան: Ան իր պատգամը ուղղեց յատկապէս երիտասարդութեան, որ այս օրերուն կը գտնուի բազմապիսի վտանգներու` մանաւանդ թմրեցուցիչի հետզհետէ տարածուող երեւոյթին դիմաց:

Գրիգորեան նշեց, որ թմրեցուցիչը հաւաքականութիւններու ապառնացող մեծագոյն վտանգն է. անհրաժեշտ է ամէն գնով հաւաքական գիտակցութեամբ դիմադրել այդ վտանգին` ունենալու համար աւելի առողջ ընկերութիւն մը:

Փոխքաղաքապետը յայտնեց, որ շրջանի քաղաքապետութեան  մտահոգութեան հիմնական առանցքը  կը կազմէ թմրեցուցիչի գործածութեան դէմ հաւաքական մերժումը: Քաղաքապետութիւնը` իբրեւ հայր, միշտ պատրաստ է պահպանելու իր շրջանի բնակիչներուն առողջութիւնը եւ երաշխաւորելու անոնց ապագան: Ան քաջալերեց բոլոր ներկաները եւ յաջողութիւն մաղթեց անոնց:

Խօսքերէն ետք տեղի ունեցաւ վազքի մրցումի յաղթականներուն մրցանակաբաշխութիւնը: Մետալներ ստացան հետեւեալ մրցանակակիրները.

ԿՐՏՍԵՐ ՏՂԱՔ

1. Անդօ Ղազարեան
2. Կարէն Արսլանեան
3. Երուանդ Մանկասարեան

ԿՐՏՍԵՐ ԱՂՋԻԿՆԵՐ

1. Ռիթա Թաշճեան
2. Լէա Պուտաքեան
3. Քրիստին Մկրտիչեան

ԵՐԷՑ ՏՂԱՔ

1. Զիատ Աթիէ
2. Մանուէլ Իզմիրլեան
3. Րաֆֆի Քեթենճեան

ԵՐԷՑ ԱՂՋԻԿՆԵՐ

1. Անի-Սարին Մանուկեան-Գասպարեան
2. Անի Առաքելեան
3. Փաթիլ Գէորգեան

«Ազդակ»

Scroll Up