Հայոց Ցեղասպանութեան 99ամեակի Յանձնախումբի Նիստը Ատրպատականի Առաջնորդարանին Մէջ

Չորեքշաբթի, 16 Ապրիլի երեկոյեան, Ատրպատականի Հայոց թեմի ազգային առաջնորդարանին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 99ամեակի թեմի յանձնախումբին հանդիպումը, կարգաւորելու համար Ապրիլեան ձեռնարկներու համատեղ աշխատանքներն ու ծրագիրները:

Ազգային իշխանութեան կողմէ կեանքի կոչուած յատուկ յանձնախումբը, բաղկացած թեմի կեանքէն ներս գործող բոլոր միութիւններէն, կազմակերպութիւններէն եւ կրթական ու մշակութային կառոյցներէն, միասնական ծրագրաւորումով կազմեց ձեռնարկներու յայտագիրը, արժանաւորապէս նշելու համար Հայոց Ցեղասպանութեան 99ամեակը թեմէն ներս:

Թեմի առաջնորդ Գրիգոր Ծ. վրդ. Չիֆթճեանի եւ Ազգային վարչութեան հովանաւորութիւնը վայելող սոյն յանձնախումբի հանդիպման ներկայ գտնուեցան Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչները, ներքին՝ ազգային, թէ արտաքին՝ յարաբերական բոլոր աշխատանքներու համադրումը կատարելու համար:

Այս տարի եւս, նման նախորդ տարիներուն, Ատրպատականի Հայոց թեմը հաւատարմութեամբ պիտի կատարէ Հայոց Ցեղասպանութեան նշումը, Ս. պատարագով եւ ազգային համաժողովրդական յայտագիրով:

Յայտնենք, թէ Ուրմիոյ շրջանին մէջ եւս Ապրիլեան ձեռնարկները կը համադրուին հոգաբարձութեան աշխատանքով, ներառելով գաղութէն ներս գործող բոլոր միութիւններն ու կազմակերպութիւնները:

asbarez.com

Scroll Up