«Ցեղասպանութեան Որբերը» Ժապաւէնին Առաջին Ցուցադրութիւնը Թէքէեանի Սրահէն Ներս

Կազմակերպութեամբ Թէքէեան Մշակութային Միութեան Մեծագոյն Նիւ Եորքի մասնաճիւղին Նիւ Ճըրզիի Թէքէեանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Պարէտ Մարոնեանի «Ցեղասպանութեան որբերը» («Օրֆընզ աֆ տհը Ճենոսայտ) վաւերագրական ժապաւէնին այս ափերու վրայ առաջին ցուցադրութիւնը` ներկայութեամբ համայնքի ներկայացուցիչներուն եւ մեծ թիւով հանդիսատեսներու։

Թէքէեանի անունով անգլերէն լեզուով բարի գալուստ մաղթեց վարչութեան անդամ եւ այս ձեռնարկը կազմակերպող յանձնախումբին ժրաջան ատենապետուհին Տիկին Հիլտա Յարութիւնեան։  Ան նշեց, որ միայն կրնանք այս ժապաւէնով պատկերել Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրած որբերուն արհաւիրքը եւ տառապանքը։  Տիկին Հ. Յարութիւնեան մասնաւոր շնորհակալութիւն յայտնեց Պարէտ Մարոնեանին այս հանդուգն նախաձեռնութեան համար։  Ըսենք որ իր այս ժապաւէնով տարբեր չորս առիթներով ան արժանացած է տեղական Էմմի Մրցանակին, ինչպէս նաեւ` 2013ի «Չխօսուած Մարդկային Իրաւանց» շարժապատկերի ֆեստիվալին։

Որբերու սերունդն էր, որ ապրելով Ցեղասպանութիւնը, կորսնցնելով հարազատներ եւ ամէն պատմական իրաւունք, վերստին կրցաւ յարութիւն տալ մեր ազգին։  Որբանոցներ Ալեսանտրապոլէն (Հայաստան) մինչեւ Գորֆու (Յունաստան), Իսկենտերուն (Սուրիա ) եւ Այնթուրա (Լիբանան) ու Նիկոսիա (Կիպրոս), ուր հասակ առաւ որբացած մեր նոր սերունդը, հակառակ անօթութեան ու թշուառութեան, հակառակ հոգեբանական ծանր պայմաններուն եւ որոնք մեծցան հայօրէն եւ պատիւով յաղթահարեցին այդ բոլորը եւ կերտեցին հայուն նոր հայրենիքն ու կազմակերպեցին մերօրեայ հայ սփիւռքը։

Ժապաւէնը ցուցադրուիլ սկսաւ հայկական համայնքներու մէջ եւ Ցեղասպանութեան դարադարձին ընդառաջ այդ հանդիսացաւ նոր սերունդին համար դաստիարակութեան լաւագոյն առիթ` թէ ինչ դժուարին պայմաններու տակ յարութիւն էր առած մեր ժողովուրդին զաւակները։

Ցուցադրութեան աւարտին խորհրդանշական նուէրով մը Թէքէեանը պատուեց  հեղինակը եւ առիթ տուաւ ներկաներուն տալու իրենց հարցերը։  Տեղի ունեցաւ պատշաճ ընդունելութիւն, որու ընթացքին ներկաներէն շատեր կրցան յարաբերիլ Մարոնեանին հետ։

Յակոբ Վարդիվառեան

Նիւ Եորք

photo 1

Scroll Up