Աշուղ Աշոտին Նուիրուած Յիշատակի Երեկոյ

Կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին, շաբաթ, 12 ապրիլ 2014-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, ՀԿՄ-ի «Արարատեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Աշուղ Աշոտին նուիրուած «Հաւասի» աշուղական համոյթին ելոյթը` ընկերակցութեամբ լիբանանահայ երգիչներու եւ ներկայութեամբ հոգեւորականներու, կրթական պատասխանատուներու, արուեստագէտներու, արուեստասէրներու, ծնողներու եւ աշակերտներու:

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք, հանդիսութեան բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Նայիրա Պաղտասարեան, որ նշեց, թէ «Հաւասի» աշուղական համոյթին նպատակն է տարածել հայկական աւանդական աշուղական երգերը եւ պահպանել հայ ժողովուրդին մշակութային ժառանգութիւնը:

Ապա «Հաւասի» համոյթը Մեսրոպեան վարժարանի «Շուշի» պարախումբին ընկերակցութեամբ երգեց «Սիւնեաց սարեր»-ը: Պեթի Սուլեան մեներգեց «Մօր սէրը», որմէ ետք համոյթը ներկայացուց «Սարուորի երգ»-ը (մենակատար` Սէրլի Նեմշեհիրեան):

Օրուան պատգամախօսն էր դոկտ. Եդուարդ Թորիկեան, որ ամփոփ կերպով ներկայացուց աշուղական երգարուեստը, ինչպէս նաեւ գուսան Աշոտին գործունէութիւնը: Դոկտ. Թորիկեան մաղթեց, որ «Հաւասի» համոյթը շարունակէ իր գործունէութիւնը, որովհետեւ անոր անդամները «հայերէն կ’երգեն, հայերէն կը խօսին, հայերէն կը մտածեն, հայօրէն կը զգան»: Իր խօսքի աւարտին դոկտ. Թորիկեան փափաք յայտնեց, որ համոյթը յառաջիկայ տարեշրջանին ներկայացնէ գուսան Հաւասիին նուիրուած համերգ մը:

Գեղարուեստական յայտագիրը շարունակուեցաւ «Անճիկեար» երգով` մենակատարութեամբ «Հաւասի» համոյթի գեղարուեստական պատասխանատու Գարմէն Աճեմեանին: Երգին մենապարով ընկերակցեցաւ Էւա Ղազարեան: Համոյթը Քրիսթին Պէքարեանի մենակատարումով երգեց «Սարի սիրուն եար»-ը:

Լիբանանահայ երգիչ Կարօ Կապուտակեան երգեց «Բարի հայրիկ»-ը, որմէ ետք համոյթը ներկայացուց «Կեանք տուր, կեանք առ» երգը (մենակատար` Նաթալի Աբոկեան): Լիբանանահայ երգիչ Գէորգ Պեպեճեան կատարեց «Յուշարձաններ»-ը, որմէ ետք Ճենիֆըր Քայիս, Կասիա Ժինեան եւ Սէրլի Մաթոյեան երգեցին «Իմ օրօրան»:

Երրորդ հիւր երգիչն էր Մանուկ Մինասեան, որ մեներգեց «Պախրա»-ն, իսկ Գօգօ Արոյեանը` «Աշուղ եմ»-ը: Կարինէ Ներսէսեան խումբին ընկերակցութեամբ մեներգեց «Հով գիշեր, զով գիշեր»-ը: Գեղարուեստական յայտագիրը փակուեցաւ «Սիւնեաց սարեր» երգին երկրորդ կատարումով` մասնակցութեամբ լիբանանահայ երգիչներուն:

Աւարտին, խօսք առաւ Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ, որ յայտնեց, թէ «Հաւասի»-ն ամբողջովին իր առաքելութեան կը նպաստէ, երբ հայ աշակերտները հայ աշուղական երգարուեստին կը հետեւին ու կը կատարեն: Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէնը շնորհակալութիւն յայտնեց պատգամախօս դոկտ. Եդուարդ Թորիկեանին, համոյթի գեղարուեստական պատասխանատու Գարմէն Աճեմեանին, հիւր երգիչներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք մասնակից դարձան այս նախաձեռնութեան յաջողութեան: Անդրադառնալով շրջանային իրադարձութիւններուն` պրն. Գալուստ ըսաւ. «Մենք Քեսապը պիտի ազատագրենք, պիտի վերականգնենք եւ «Հաւասի» համոյթը Քեսապի մէջ պիտի ներկայացնենք»:

www.aztagdaily.com

Scroll Up