Ամերիկահայութիւնը Ուաշինկթընէն Կը Պահանջէ Կասեցնել Քեսապի Վրայ Յարձակումը
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ իր ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ ամերիկահայութիւնը ներկայացնող աշխարհական եւ կրօնական շարք մը այլ կազմակերպութեանց ներկայացուցիչները միացեալ պատուիրակութեամբ մը Հինգշաբթի, Մարտ 27ին հանդիպում ունեցած են Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն պատուիրակութեան մը հետ, պահանջելով Ուաշինկթընի իշխանութիւններէն, որ անմիջական քայլերու դիմեն՝ կասեցնելու համար հայկական Քեսապ գիւղաքաղաքին վրայ վայրագ յարձակումը, որ կ՛իրականացուի «Քայիտա»ի զինակից ահաբեկիչներուն կողմէ:
Ամերիկահայութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւնը շեշտած է, թէ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները «իւրայատուկ պատասխանատուութիւն ունին Քեսապի բնակչութեան ապահովութիւնը երաշխաւորելու»:
Հայկական պատուիրակութիւնը հետեւեալ առաջարկները կատարած է.
– Բացայայտօրէն դատապարտել Քեսապի վրայ «Քայիտա»ի զինակից ահաբեկիչներուն յարձակումը, ինչպէս նաեւ այդ ահաբեկիչներուն ցուցաբերուած համագործակցութիւնն ու աջակցութիւնը Թուրքիոյ կողմէ.
– Պահանջել ծայրայեղականներու անմիջական նահանջը Քեսապէն, որպէսզի տեղւոյն բնակչութիւնը կարենայ վերադառնալ իր տունը.
– Քեսապի եւ անոր բնակչութեան ապահովութիւնը պահանջելու երաշխիքներ տալ ու Թուրքիոյ սահմանակից շրջանը ապազինել.
– Ուղղակի օժանդակութիւն տրամադրել Լաթաքիա ապաստանած Քեսապի բնակիչներուն.
– Պահանջել Թուրքիայէն, որ հսկողութեան տակ դնէ իր սահմանը եւ չարտօնէ զինեալներու եւ զինամթերքի մուտքը դէպի Քեսապ.
– Հետաքննել Միացեալ Նահանգներու կողմէ ահաբեկչական նկատուող կազմակերպութեանց օժանդակութիւններ տրամադրելու Թուրքիոյ արարքները.
– Դիւրացնել հայութեան Քեսապ վերադարձը.
– Օժանդակել շրջանին մէջ ազգականներ ունեցող ամերիկացիներուն, որ գտնեն ու ապահով վայրեր փոխադրեն իրենց ազգականները: