«Մենք Թուրքերուն Պէտք Է Պատմենք, Թէ 1915-ին Իրականութեան Մէջ Ի՛նչ Տեղի Ունեցաւ» Հաստատեց Տինքի Փաստաբան Էրտալ Տողան

Կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին եւ գործակցութեամբ «Ազդակ», «Արարատ» եւ «Զարթօնք» օրաթերթերուն, չորեքշաբթի, 26 Մարտ 2014-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Մեսրոպեան վարժարանի «Ֆարաճեան» լսարանին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ լսարան, որուն նիւթն էր «Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը եւ այս գծով Թուրքիոյ մէջ գիտակցութեան բարձրացման խնդիրները»: Լսարանին զեկուցաբերներն էին Հրանդ Տինքի փաստաբան Էրտալ Տողան եւ պոլսահայ լրագրող Հրանդ Գասպարեան: Լսարանին ներկայ էին մեծաթիւ հայորդիներ:

Լսարանին զրուցավարն էր Մեսրոպեան վարժարանի արտադասարանային աշխատանքներու պատասխանատու Րաֆֆի Տեմիրճեան, որ ներկայացուց օրուան զեկուցաբերներուն հակիրճ կենսագրութիւնը: Տէմիրճեան նշեց, որ այս նախաձեռնութիւնը կ՛իրականանայ «Հրանդ Տինք» միջդպրոցական շարադրութեան մրցանքի շրջագիծին մէջ, որ չորրորդ տարին ըլլալով կը կազմակերպուի, եւ որուն այս տարի իրենց մասնակցութիւնը բերին 13 լիբանանահայ վարժարաններ:

Ապա խօսք առաւ մեթր Էրտալ Տողան, որ նշեց, թէ Հայոց ցեղասպանութեան հարցին գծով Թուրքիոյ մէջ իրաւաբանական առումով լաւատեսութիւն գոյութիւն չունի, սակայն հայութեան հետ յարաբերութեան մէջ մտնելը քաջալերանք կը յառաջացնէ: Տողան ըսաւ, որ Տինք տեղեակ էր, որ ոճիրը պատրաստութեան մէջ է, սակայն մեր յանձնարարութիւններուն դիմաց չուզեց լքել երկիրը, քանի որ թուրք բարեկամներ ունէր, որոնց պէտք չէր առանձին ձգել:

Հրանդ Գասպարեան, Էրտալ Տողան եւ Րաֆֆի Տեմիրճեան

Հրանդ Գասպարեան, Էրտալ Տողան եւ Րաֆֆի Տեմիրճեան

Ան ըսաւ, որ Թուրքիոյ մէջ բացայայտուած են 13 ռազմավարական կեդրոններ, որոնք հայկական սփիւռքը կը հետազօտեն եւ ուսումնասիրութիւններ կը կատարեն, քանի որ այսօր Թուրքիոյ անվտանգութեան մեծ խնդիրը հայութեան գոյութիւնն է: Էրտալ Տողան հաստատեց, որ թրքական պետութիւնը մինչեւ այսօր կը շարունակէ իր ցեղապաշտական մօտեցումները եւ չ՛ուզեր հաշտուիլ 1915-ի իրականութեան հետ:

Տողան նաեւ նշեց, որ Թուրքիան անցեալի երկիրը չէ, եւ նոր սերունդներուն մօտ մտածելակերպի յստակ փոփոխութիւն կայ, նորերուն պահանջները փոխուած են: Ան ըսաւ, որ Թուրքիան ամէնէն շատ պարտք ունի հայերուն` նիւթական, պատմական եւ բարոյական, եւ մենք պէտք է թուրքերուն պատմենք, թէ 1915-ին իրականութեան մէջ ի՛նչ տեղի ունեցաւ:

Հայ ժողովուրդի իրաւունքներու հատուցման հարցին գծով Էրտալ Տողան ըսաւ, որ ճանաչման աշխատանքներուն հետ զուգահեռ պէտք է շարունակուի հատուցման օրակարգը, որովհետեւ առանց իրաւունքներու վերականգնման կարելի չէ իրաւական դաշտի վրայ խնդիրը հետապնդել: Այս ծիրին մէջ, Տողան հաստատեց, որ նախ եւ առաջ պէտք է վերականգնի հայութեան քաղաքացիութեան իրաւունքը եւ եկեղեցական կառոյցները պահանջեն իրենց կալուածները:

Իր կարգին, լրագրող Հրանդ Գասպարեան յայտնեց, որ Պոլսոյ մէջ հայապահպանումը շատ դժուար է, սակայն լիբանանահայութեան հետ կարճաժամկէտ յարաբերութիւնը ցուցանիշ էր հաստատելու, որ այստեղ հայկականութիւնը տիրական է: Ան յայտնեց, որ Հրանդ Տինքին սպանութիւնը ոչ միայն հայութեան, այլեւ թուրքերուն մօտ մեծ ցասում յառաջացուցած է, եւ ինք ու ուրիշներ կը փորձեն շարունակել առաքելութիւնը, հակառակ բազմատեսակ դժուարութիւններուն:

Անդրադառնալով Քեսապի խնդիրներուն` Գասպարեան նշեց, որ թրքական մամուլը կ՛անտեսէ խնդիրին մէջ թրքական գործօնին ներկայութիւնը, քանի որ այս երեւոյթը իր շահերուն չի նպաստեր: «Հրանդ Տինք» միջդպրոցական շարադրութեան մրցումին գծով, Հրանդ Գասպարեան մեծապէս գնահատեց Մեսրոպեան վարժարանին նախաձեռնութիւնը:

Աւարտին, ներկաները հարցումներու ընդմէջէն Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման միջազգային հոլովոյթին, քիւրտերու գործօնին, փոքրամասնութիւններու իրաւունքներուն, պոլսահայ գաղութի դերակատարութեան, Թուրքիոյ աշխարհաքաղաքական դրուածքին եւ այլ խնդիրներու շուրջ ստացան յաւելեալ լուսաբանութիւններ:

www.aztagdaily.com

Scroll Up