Հրատապ Կոչ

Լսեցինք օգնութեան կանչը՝ «Մեր տուները խլած են, մեր դարաւոր ժառանգութիւնը կործանուած է: Այս կանչը ուղղուած է բոլոր հայութեան. այս կանչը ուղղուած է ողջ մարդկութեան»:

Վերջին օրերուն, Սուրիոյ Քեսապի շրջանին մէջ տեղի ունեցած անակնկալ յարձակումներու եւ կողոպուտներու ենթարկուած հայ ընտանիքներու տեղահանութեան ի տես, գաղութէս ներս գործող Սուրիոյ հայութեան զօրակցութեան միացեալ գործադիր մարմինը արտակարգ նիստ մը գումարելով՝ որոշեց 100,000 տոլարի անմիջական նիւթական օգնութեամբ հասնիլ մեր հայրենակիցներու ֆիզիքական գոյութեան ապահովման եւ հոգեբարոյական ցաւի մեղմացման ի խնդիր:

Ազնիւ հայրենակիցնե՛ր,
Սուրիահայութեան գոյապայքարի տագնապը կը շարունակուի… Առ այդ, անհրաժեշտ է համազգային միակամ կամքն ու անմիջական օգնութիւնը անյապաղ հասցնել սուրիահայ մեր հայրենակիցներուն:
Ապրի՛նք սուրիահայութեան տագնապով եւ ամէնօրեայ մեր նիւթաբարոյական օժանդակութիւնը փոխանցենք՝ Syrian Armenian Relief Fund, P.O. Box 1948, Glendale, CA 91209:

ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ
ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ԳՈՐԾԱԴԻՐ ՄԱՐՄԻՆ

 ՀՕՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութիւնը որոշած է այս Շաբաթ երեկոյեան իր կազմակերպած համերգի հասոյթին մէկ մասը յատկացնել վերոնշեալ նպատակին: Համերգին ընթացքին ելոյթ պիտի ունենայ տաղանդաւոր երգչուհի Ալլա Լեւոնեանը:

asbarez.com

Scroll Up