Լիբանանի Մէջ 100-Ամեակի Գլխաւոր Ծրագիրներու Քննարկում

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինի հերթական նիստը տեղի ունեցաւ երկուշաբթի, 24 մարտ 2014-ին, Պուրճ Համուտի Ազգային առաջնորդարանին մէջ: Մարմինին հրաւէրով նիստին կը մասնակցէր Լիբանանի մէջ 100-ամեակի գլխաւոր ծրագիրներու հովանաւոր Ալեքքօ Պէզիքեան:

Մարմինի ատենապետը զեկուցեց ցարդ կատարուած աշխատանքներուն եւ 100-ամեակի տարուան ընթացքին նախատեսուած ծրագիրներուն մասին, որմէ ետք Ալեքքօ Պէզիքեան ներկայացուց Անթիլիասի Նահատակաց մատուռի վերանորոգման, Պիքֆայայի Նահատակաց հրապարակի, ինչպէս նաեւ Ժիպէյլի Ցեղասպանութեան թանգարանի կառուցման ծրագիրներուն հիմնական բաժինները: Պէզիքեան գոհունակութիւն յայտնեց Լիբանանի մէջ գործող միասնական աշխատելաձեւին գծով եւ շեշտեց 100-ամեակի կապուած ծրագիրներուն կեդրոնական մարմինին հետ համագործակցութեան անհրաժեշտութիւնը:

Ժողովի աւարտին, մարմինի ատենապետ Սեդա Խտըշեան Ալեքքօ Պէզիքեանին յանձնեց  «Ցեղասպանութեան որբերը» ժապաւէնին ցուցադրութեան առիթով ժապաւէնի բեմադրիչ Պարետ Մարոնեանէն ստանձնած յուշապարգեւը` առ ի երախտագիտութիւն Պէզիքեան ընտանիքին կողմէ ժապաւէնին հովանաւորման:

www.aztagdaily.com

Scroll Up