Լեհաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբի Կազմութիւն

Լեհաստանի մայրաքաղաք Վարշաւայի մէջ, Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ եւ նախագահ Գասպար Կարապետեանի ներկայութեամբ, հիմնուեցաւ Լեհաստանի Հայ դատի յանձնախումբը, բաղկացած` նուիրեալ եւ Հայ դատի աշխատանքներուն մասնակից դառնալու պատրաստակամ անձերէ:
Լեհաստանի Հայ դատի յանձնախումբին հիմնական նպատակը պիտի ըլլայ իր գործունէութեամբ ջանալ ա՛լ աւելի հաղորդ դարձնել հայ ժողովուրդին բարեկամ Լեհաստանի հանրային կարծիքն ու քաղաքական ղեկավարութիւնը մեր հիմնահարցերուն եւ մեր ժողովուրդի արդար պահանջներուն: Նաեւ պիտի ջանայ սերտ յարաբերութիւններ հաստատել Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան եւ գաղութային միութիւններուն հետ` արժանավայել կերպով հետապնդելու մեր ազգային հարցերուն հոլովոյթը: Հայ դատի յանձնախումբը ուրախութեամբ պիտի ընդառաջէ մեր բոլոր հայրենակիցներուն առաջարկներուն եւ տեսակէտներուն քննարկման` ակնկալելով, որ մեր համայնքը գործնական կերպով սատարէ յանձնախումբի աշխատանքներուն:
Լեհաստանի Հայ դատի յանձնախումբը կ՛ողջունէ բոլոր հայագաղութներուն մէջ գործող Հայ դատի յանձնախումբերը` հաւատալով, որ ինք ալ դառնալով այդ ազգանուէր մեծ ցանցին մէկ մասնիկը, պիտի ունենայ իր ներդրումը միասնական աշխատանքներուն յաջող իրագործման մէջ:
Լեհաստանի Հայ դատի յանձնախումբը, իր առաջին նիստին, որդեգրեց աշխատանքային հիմնական իր ուղեցոյցը եւ կատարեց շարք մը ծրագրումներ, որոնք մօտիկ ապագային պիտի դառնան հանրութեան սեփականութիւնը:
Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբը իր կարգին պիտի ընձեռէ կարելի բոլոր միջոցներն ու աջակցութիւնը թէ՛ Հայ դատի յանձնախումբի կայացման եւ հզօրացման աշխատանքներուն, թէ՛ ուր որ անհրաժեշտ է իր կողմէ առնուելիք քաղաքական նախաձեռնութիւններուն:
ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
ԼԵՀԱՍՏԱՆԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
aztagdaily.com