Հայ Դատի Յանձնախումբը Միացեալ Նահանգներէն Կը Պահանջէ Կասեցնել 2015-ին Ազրպէյճանին Զինուորական Օգնութեան Յատկացումը

Հակառակորդի արձակազէնին կողմէ հայ զինուոր Կարէն Գալստեանի սպանութեան հետ կապուած` Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կրկնապատկած է Պաքուին ամերիկեան զինուորական օգնութեան տրամադրումը կասեցնելու ջանքերը:

«Ազրպէյճանի կողմէ քանի մը ժամ առաջ, Լեռնային Ղարաբաղի սահմանին մէկ այլ հայ զինուոր Կարէն Գալստեանի սպանութիւնը կ՛ընդգծէ այն հրատապ անհրաժեշտութիւնը, որ մեր Քոնկրեսը պէտք է կասեցնէ Միացեալ Նահանգներու զինուորական օգնութիւնը, քանի տակաւին Պաքուն չէ կասեցուցած յարձակումները, ամբողջովին չէ հրաժարած բռնութենէն եւ չէ ստանձնած շրջանային տագնապի խաղաղ լուծումը», այս մասին կը նշուի Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ֆէյսպուքեան գրառման մէջ:

Ամերիկահայերուն կոչ ուղղուած է նոյն պահանջով խնդիր-դիմումնագիրներ յղել Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին եւ Ներկայացուցիչներու տան իրենց քոնկրեսականներուն, որոնք պատասխանատու են 2015 տնտեսական տարուան նախագիծի կազմութեան համար` յորդորելով ջնջել Ազրպէյճանին յատկացուելիք ամերիկեան զինուորական օգնութիւնը:

Լեռնային Ղարաբաղի բանակի հիւսիսային ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան տեղամասին մարտական դիրքին վրայ, 28 յունուարին հակառակորդի արձակազէնին կողմէ արձակուած փամփուշտէն գլխուն մահացու վէրք ստացած էր զինուոր Կարէն Գալստեան (ծնեալ` 1994-ին): Միջադէպին վերաբերեալ մանրամասնութիւնները պարզելու համար քննութիւն կը կատարուի:

www.aztagdaily.com

Scroll Up