Համաշխարհային մաշտաբով արշաւ Սեւան Նշանեանին զօրակցութեան համար
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/01/download-13.jpg)
Թրքահայ ծանօթ գրող, մտաւորական եւ զբօսաշրջութեան գործարար Սեւան Նշանեան 2014 Յունուար 2էն ի վեր Իզմիրի Թորպալը բանտը կը գտնուի իրեն պատկանող հողին վրայ 40 քառ. մեթրնոց ապօրինի շինարարութեան մը պատճառով: Սակայն, աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել՝ պատրուակով, քանի որ բանիմաց իւրաքանչիւր ոք գիտէ, թէ այս բանտարկութեան բուն դրդապատճառը ենթակային գաղափարներն են, եւ ոչ թէ գործած ապօրինի արարքը: Մանաւանդ, որ Թուրքիան կը նկատուի ապօրինի շինարարութիւններու դրախտավայր մը եւ մինչեւ օրս գրեթէ ոչ ոք պատժուած է նման յանցանքի համար: Մնաց, որ այդ շինութիւնը անձնական հարստացման նպատակին ալ չէ գործածած, զայն նուիրած է բարեսիրական հաստատութեան մը:
Նշանեանի զօրակցութեան նպատակով ձեռնարկուած գիրքերու առաքումի արշաւին բանտի վարչութեան արգելքին բախելէն ետք, իր համակիրները ձեռնարկած էին նամակներու եւ բացիկներու արշաւի մը:
Սակայն այս անգամ, համաշխարհային մաշտաբով արշաւ մըն է, որուն կը ձեռնարկուի: Արդարատենչ մարդիկ, թրքերէն, անգլերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով կոչով մը, հանրութեան ուշադրութիւնը կը հրաւիրեն Սեւան Նշանեանին դէմ գործադրուող ճնշումի եւ սպառնալիքի մթնոլորտին վրայ, պահանջելով անոր դէմ կայացուած վճիռին ջնջումը եւ ազատ արձակումը:
«Նոր Յառաջ»