Համաշխարհային մաշտաբով արշաւ Սե­ւան Նշա­նեանին զօրակցութեան համար

Թրքա­հայ ծա­նօթ գրող, մտա­ւորա­կան եւ զբօ­սաշրջու­թեան գոր­ծա­րար Սե­ւան Նշա­նեան 2014 Յու­նուար 2էն ի վեր Իզ­մի­րի Թոր­պա­լը բան­տը կը գտնուի իրեն պատ­կա­նող հո­ղին վրայ 40 քառ. մեթրնոց ապօ­րինի շի­նարա­րու­թեան մը պատ­ճա­ռով: Սա­կայն, աւե­լի ճիշդ պի­տի ըլ­լար ըսել՝ պատ­րուակով, քա­նի որ բա­նիմաց իւ­րա­քան­չիւր ոք գի­տէ, թէ այս բան­տարկու­թեան բուն դրդա­պատ­ճա­ռը են­թա­կային գա­ղափար­ներն են, եւ ոչ թէ գոր­ծած ապօ­րինի արար­քը: Մա­նաւանդ, որ Թուրքիան կը նկա­տուի ապօ­րինի շի­նարա­րու­թիւննե­րու դրախ­տա­վայր մը եւ մին­չեւ օրս գրե­թէ ոչ ոք պատ­ժուած է նման յան­ցանքի հա­մար: Մնաց, որ այդ շի­նու­թիւնը անձնա­կան հարստաց­ման նպատակին ալ չէ գործածած, զայն նուիրած է բա­րեսի­րական հաս­տա­տու­թեան մը:

Նշա­նեանի զօ­րակ­ցութեան նպա­տակով ձեռ­նարկուած գիր­քե­րու առա­քու­մի ար­շա­ւին բան­տի վար­չութեան ար­գելքին բա­խելէն ետք, իր հա­մակիր­նե­րը ձեռ­նարկած էին նա­մակ­նե­րու եւ բա­ցիկ­նե­րու ար­շա­ւի մը:

Սա­կայն այս ան­գամ, հա­մաշ­խարհա­յին մաշ­տա­բով ար­շաւ մըն է, որուն կը ձեռ­նարկուի: Ար­դա­րատենչ մար­դիկ, թրքե­րէն, անգլե­րէն եւ ֆրան­սե­րէն լե­զու­նե­րով կո­չով մը, հան­րութեան ու­շադրու­թիւնը կը հրա­ւիրեն Սե­ւան Նշա­նեանին դէմ գոր­ծադրուող ճնշումի եւ սպառնա­լիքի մթնո­լոր­տին վրայ, պա­հան­ջե­լով անոր դէմ կա­յացուած վճի­ռին ջնջումը եւ ազատ արձակումը:

«Նոր Յառաջ» 

Scroll Up