Հալէպ. ՀՄԸՄ-Ի Պարտէզի Պասքեթպոլի Դաշտը` Հրասանդի Հրթիռներու Թիրախ

«Բերիոյ Նիուզ» կը հաղորդէ, որ շաբաթ, 21 դեկտեմբեր 2013-ի կէսօրուան ժամերուն, Հալէպի հայահոծ Նոր Գիւղ շրջանին մէջ ազգապատկան կալուածներու վրայ եւ անոնց կողքը վեց հրասանդի հրթիռներ ինկան: Հրասանդի հրթիռները հարուածեցին «Կիլիկիա» շէնքը, Ազգային Սահակեան վարժարանի կողքի թաղը, «Սիս» շէնքը եւ այլ թաղեր:

Հրասանդի հրթիռներու տեղատարափը շարունակուեցաւ, երբ Ազիզիէ շրջանին մէջ գտնուող ՀՄԸՄ պարտէզի պասքեթպոլի դաշտի կերպընկալէ արուեստական առաստաղը թիրախ դարձաւ եւ կրակ առաւ ու ինկաւ կազի պարապ շիշերու վրայ: Ակումբի տղոց աչալուրջ հսկողութեամբ` հրշէջները անմիջապէս դէպքի վայր հասան եւ կրակը մարեցին:

«Բերիոյ նիուզ» կը նշէ, որ ակումբի տղաքը շրջանի բնակիչներուն օգտակար դառնալու համար պարբերաբար կազի պարապ շիշեր կը հաւաքեն եւ զանոնք լեցուն շիշերով կը փոխանակեն: Բնական է, որ մեծ տարածքի կարիքը կայ կազի շիշերը հաւաքելու եւ բաժնելու, ուստի շրջանին մէջ ՀՄԸՄ-ի դաշտը ամէնէն յարմարագոյնը նկատուելով հոն կեդրոն դարձած էր: Բարեբախտաբար, երկու շրջաններուն մէջ ալ` Նոր Գիւղ եւ ՀՄԸՄ-ի պարտէզը, ֆիզիքական վնասներ չկան, սակայն ահ ու սարսափի մատնուեցան բնակիչները: Արձանագրուեցան նաեւ կարգ մը բնակարաններու եւ ինքնաշարժներու տարբեր աստիճանի վնասներ:

Հալէպի Սիւլէյմանիէ Շրջանը Կրկին Թիրախ` Հրասանդի Հրթիռներու

«Բերիոյ նիուզ» նաեւ կը հաղորդէ, երէկ` կիրակի, 22 դեկտեմբեր 2013-ին, կէսօրուան ժամը 1:00-ի մօտ, Հալէպի Սիւլէյմանիէ շրջանը գտնուող Ազգային Կիւլպենեան վարժարանի տանիքը հրասանդի հրթիռ մը մը ինկաւ:

Բարեբախտաբար այս հրթիռը չպայթեցաւ եւ ոչ մէկ վնաս արձանագրուեցաւ, սակայն բնակիչները ահ ու սարսափի մատնուեցան:

Անցնող քանի մը օրերուն Նոր Գիւղ Ազիզիէ եւ Սիւլէյեանիէ շրջանները տասնեակ մը հրասանդի հիթռներու թիրախ դարձան:

http://www.aztagdaily.com

Scroll Up