ՀՀ ՍՓՅՈՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹՅՈՒՆԸ 5 ՏԱՐԵԿԱՆ Է
Պատուարժա´ն Սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմ,
Ազնուափա´յլ Տիկ. Հրանոյշ Յակոբեան,
Ջերմագոյն զգացումներով կը շնորհաւորենք ձեզ, Սփիւռքի Նախարարութեան հիմնադրութեան հնգամեայ տարեդարձին առիթով: Մեր խորին համոզումն է, որ Հայաստան-Սփիւռք կապերու ամրապնդումն ու առաւել սերտացումը միակ գրաւականն են համայն հայութեան ներքին ամրութեան, քանզի մեր փրկութիւնը միշտ ալ մեր ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՈՅԺԻՆ ՄԷՋ Է:
Ձեր պաշտօնավարութեան Հնգամեայ շրջանին, Դուք ձեր ժրաջան ամբողջանուէր աշխատանքով նուիրուեցաք Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ կամար ու կամուրջ ըլլալու վսեմ նպատակին կենսագործման: Ձեզի կը մաղթենք անխոնջ եռանդ ու կորով, յարատեւութիւն, որ ձեր ճիգերը առաւել արդիւնաւորուին, որպէսզի Հայաստան-Սփիւռք միասնականութիւնը ՆՈՐ ՈՐԱԿ ու ՄԱԿԱՐԴԱԿ ձեռք բերէ, մանաւանդ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի սեմին:
Լաւագոյն զգացումներով եւ յարգանօք՝
Երան Գույումճեան
Խմբագիր ԱԶԱՏ ԽՕՍՔ-ի
Նիկոսիա-Կիպրոս