Կիսանդրին Կը Ժպտի

Աշխարհասփիւռ հազարաւոր ճեմարանականներէն կա՞յ մէկը, որ չէր փափաքեր ներկայ ըլլալ այդ մեծ տօնահանդէսին եւ համբուրել մեն մի մաշտոցեան ուսանողի ճակատը, որ անգամ մը եւս կեանք տուաւ այս կրթական օճախին. համեմատաբար խաղաղ մթնոլորտէն ծնունդ առած այս պատկերը այնքան խօսուն է, որ արեւի նման լոյս սփռեց սուրիահայերու տխուր հոգիին եւ մռայլ կեանքին վրայ:

Թարգմանչաց տօնի առաւօտեան այս պատմական համախմբումը մաշտոցեան ամրոցին առջեւ կը ցնցէ էութիւնը բոլոր անոնց, որոնք պահ մը յուսահատ սեւ երազի նման կը պատկերացնէին հալէպահայ գաղութի վախճանը:

Եւ… առաջնորդը Շահան սրբազանը` հալէպահայոց «քաջ հովիւ»-ը, որ կը մարմնաւորէ ԶԱՐԵՀ ՍՔԱՆՉԵԼԻՆ, կարծես վաթսունվեց տարիներ առաջ էր, երբ ազնուասիրտ Քարէն Եփփէի նուիրած այս հողին վրայ բացումը կատարեց օրհնեալ ճեմարանին:

Կիսանդրին մինակ չէ այլեւս, անիկա կը ժպտի ճեմարանականներու տողանցքը դիտելով:

Սիամանթոյի խօսքերը Մեսրոպ Մաշտոցի մասին սա պահուն կը յարմարի պատկերին:

Մեսրոպ [Ճեմարան] հայ դարերու դիմաց կեցող դուն ադամանդեայ ապառաժ:

Ճեմարան սերունդներու հայեցի կրթութեան դուն ոսկեղէն ամրոց պիտի ապրիս յաւիտեան:

Այս պատկերը հրաւիրագիր մըն է հոն կանգնած աշակերտութեան կողմէ` ուղղուած իրենց գաղթական դասընկերներուն, վերադառնալու Ճեմարանի գրասեղաններուն:

Կեցցե՛ն եւ անմահ մնան գաղափարական այն երիտասարդները, որոնք տագնապի թէժ օրերուն իրենց կեանքին գնով պաշտպանեցին այս կառոյցը:

ՄԱԹԻԿ ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ

http://www.aztagdaily.com

Scroll Up