Ֆրանսացի երկու լրագրողներ Թուրքիոյ իսլամացած հայերուն մասին տեսանիւթ կը պատրաստեն

Ֆրանսացի անկախ երկու լրագրողներ Աննա Պենժամէն եւ Կիյոմ Գլէր, արդէն 8 ամիսէ ի վեր կ՚աշխատին «Թուրքիա. Լռութեան ժառանգութիւն. Իսլամացած Հայեր» տիտղոսը կրող վաւերագրական ժապաւէնին վրայ:

Այդ ժապաւէնը կը պատմէ իրենց հայկական արմատները վերագտնող Թուրքիոյ քաղաքացիներուն մասին: Հեղինակները կը խոստովանին, թէ դժուար է գործել

այդ թեմայով, պատ-

մել ցեղասպանութեան ժառանգորդներու մոռցուած պատմութիւնը, ներկայացնել 1915ի իրադարձութիւնները:

Ստեղծագործութիւնը պաշտօնապէս կը ներկայացուի 2015 Ապրիլին: Ան պիտի ըլլայ էնթերաքտիվ, պահանջելով հանդիսատեսի մասնակցութիւնը: Ամբողջ աշխարհի Հայերը պիտի կարենան ազդեր տալ՝ գտնելու համար ցեղասպանութեան հետեւանքով աշխարհասփիւռ եղած իրենց հարազատները:

“Մենք նպատակ ունինք այդ գործը ներկայացնելու երեք լեզուներով՝ անգլերէն, հայերէն եւ թրքերէն”, ըսած են հեղինակները:

«Նոր Յառաջ» 

Scroll Up