Լիբանանի Մէջ 100-Ամեակի Գլխաւոր Ծրագիրներու Քննարկում
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/03/100Com24March14-27-720x516.jpg)
Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինի հերթական նիստը տեղի ունեցաւ երկուշաբթի, 24 մարտ 2014-ին, Պուրճ Համուտի Ազգային առաջնորդարանին մէջ: Մարմինին հրաւէրով նիստին կը մասնակցէր Լիբանանի մէջ 100-ամեակի գլխաւոր ծրագիրներու հովանաւոր Ալեքքօ Պէզիքեան:
Մարմինի ատենապետը զեկուցեց ցարդ կատարուած աշխատանքներուն եւ 100-ամեակի տարուան ընթացքին նախատեսուած ծրագիրներուն մասին, որմէ ետք Ալեքքօ Պէզիքեան ներկայացուց Անթիլիասի Նահատակաց մատուռի վերանորոգման, Պիքֆայայի Նահատակաց հրապարակի, ինչպէս նաեւ Ժիպէյլի Ցեղասպանութեան թանգարանի կառուցման ծրագիրներուն հիմնական բաժինները: Պէզիքեան գոհունակութիւն յայտնեց Լիբանանի մէջ գործող միասնական աշխատելաձեւին գծով եւ շեշտեց 100-ամեակի կապուած ծրագիրներուն կեդրոնական մարմինին հետ համագործակցութեան անհրաժեշտութիւնը:
Ժողովի աւարտին, մարմինի ատենապետ Սեդա Խտըշեան Ալեքքօ Պէզիքեանին յանձնեց «Ցեղասպանութեան որբերը» ժապաւէնին ցուցադրութեան առիթով ժապաւէնի բեմադրիչ Պարետ Մարոնեանէն ստանձնած յուշապարգեւը` առ ի երախտագիտութիւն Պէզիքեան ընտանիքին կողմէ ժապաւէնին հովանաւորման: