Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսն Ընդունեց ԱՄՆ Հայոց Արեւմտեան Թեմի Ուխտաւորները

Յունիս 23-ին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ ընդունեց ԱՄՆ Հայոց Արեւմտեան թեմի Սանտա-Գլարիտայի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ ուխտաւորները` առաջնորդութեամբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժանապատիւ Տ. Սերովբէ քահանայ Ալանջեանի: Այս մասին կը հաղորդեն մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի Տեղեկատուական համակարգէն:

Տէր Հայրը Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուց ուխտաւորներուն, անդրադարձաւ ծխական կեանքին, ինչպէս նաեւ կիսուեցաւ Հայաստան կատարած այցի տպաւորութիւններով:

Ամենայն Հայոց Հայրապետը, իր հայրական օրհնութիւնը բերելով ուխտաւորներուն, իր գնահատանքը յայտնեց հոգեւոր հովիւին նման նախաձեռնութեան կազմակերպման համար: Նորին Սրբութիւնը նշեց, որ ուխտագնացութիւնը հնարաւորութիւն կ’ընձեռէ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հաւատացեալներուն ներշնչուելու հայրենիքով, զօրանալու իրենց նախնեաց հաւատքով ու մշակոյթով:

Գարեգին Բ Կաթողիկոսը գոհունակութեամբ ընդգծեց, որ հայրենիքի անկախութեան պայմաններուն մէջ այսօր Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին վերազարթօնք  կ՛ապրի եւ կը վերականգնէ տէրունաւանդ իր առաքելութիւնը տարբեր ոլորտներու մէջ: Վեհափառ Հայրապետը հաստատեց, որ հայ եկեղեցականներու նուիրեալ սպասաւորութեան շնորհիւ բազում հոգեշահ իրագործումներով կը պայծառանայ ժողովուրդի հոգեւոր կեանքը:

Նորին Սրբութիւնը նաեւ իր գնահատանքը բերաւ ուխտաւորներուն, որ, ըլլալով ժառանգները Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրած եւ ԱՄՆ հաստատուած հայորդիներու, կրցած են պահպանել իրենց մայրենի լեզուն եւ կերտել ազգային կեանքը:

Հանդիպման Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը հետաքրքրուեցաւ համայնքի կեանքով ու գործունէութեամբ:

 

Scroll Up