Մարալ Մանիսալեան Եւ Լիւսի Թորգոմեան Մասնակցեցան «Արթ Աֆ Լիվինկ» Խորագրեալ Հաւաքական Ցուցահանդէսին
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2013/12/Без-имени-11.jpg)
Հովանաւորութեամբ տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուքի, «Ապրելու արուեստը» (Art of Living 2013, Ideas and Trends for the Home) թեմայով, առտնին պիտոյքներու թէ գեղարուեստական ստեղծագործութեանց յատուկ կազմակերպուած հաւաքական ցուցահանդէսին, որ տեղի ունեցաւ 27 նոյեմբերէն 1 դեկտեմբեր 2013-ին` «Ֆորում տը Պէյրութ»-ի մէջ, լիբանանցի ծանօթ արուեստագէտներու կողքին (արուեստագէտ Պեռնար Ռըննօ …) մաս կազմեցին նաեւ երկու հայ արուեստագիտուհիներ` Մարալ Մանիսալեան (Մարալ Մանիս) եւ Լիւսի Թորգոմեան: Իւրաքանչիւրը յատուկ կրպակի մը մէջ ներկայացնելով իր գեղանկարչական ստեղծագործութիւնները` սքանչելի երանգ մը տուած էր այս ցուցահանդէս-վաճառքի յատկապէս արուեստի գեղանկարչական բաժինին:
Մարալ Մանիսալեան նախապէս մասնակցած է զանազան ցուցահանդէսներու, ինչպէս` անցնող ամրան, սեպտեմբեր 2013-ին, մասնակցած է »Զէյթունա Պէյ»-ի գեղանկարչական մրցանքին, արժանանալով յատուկ մրցանակի իր ստեղծագործած «խաղաղութիւն» խորագրեալ գեղանկարչական պատկերով: Ան աւարտած է արուեստագի տուհի Մարալ Փանոսեանի գլխաւորած «Էյ թու Զետ» գեղարուեստի հիմնարկը: Այժմ ան կը հետեւի Լիբանանեան համալսարանի Գեղարուեստի հիմնարկի դասընթացքներուն: Ունի բազմաթիւ ստեղծագործութիւններ, բնութեան, խաղաղութեան թէ զանազան թեմաներով, ուր տիրական է գերիրապաշտ (սուրիալիստ) ոճը: Ան կը ստեղծագործէ գեղանկարչական զանազան ձեւերով` աքրիլիք, նաթիւրմորթ, իւղաներկ, կրաֆիթ, ածուխ, կուաշ եւ այլն:
Նմանապէս` արուեստագիտուհի Լիւսի Թորգոմեան, որուն ստեղծագործութեանց առանցքը կը կազմէ վերացական աշխարհը: Ջրաներկի օգտագործման իր հմտութեամբ, արուեստագիտուհի Թորգոմեան արդէն իսկ իւրայատուկ դրոշմ մը տուած է իր գործերուն, արժանանալով բազմաթիւ արուեստագէտներու գնահատանքին: «Ազդակ»-ի հարցումներուն պատասխանելով այս երկու տաղանդաւոր երիտասարդ հայուհիները պատմեցին, թէ ինչպէ՛ս կ՛ընդառաջեն արուեստի, յատկապէս գեղարուեստական կոչերու եւ հրաւէրներու` մասնակցելով հաւաքական ցուցահանդէսներու: Լիւսի Թորգոմեան նաեւ կազմակերպած է անձնական ցուցահանդէս, ուր գոյներու խայտաբղէտ խճանկարը կը ցոլացնէ անոր խանդավառ նկարագիրն ու գեղարուեստական նրբաճաշակ ձիրքերը: Ի պատասխան այն հարցումին, թէ որքանո՛վ ազդուած է իր եղբօր` պարարուեստի աշխարհի ծանօթ դէմքերէն Խուանիթոյէն (Խաչիկ Թորգոմեան), Լիւսի Թորգոմեան ըսաւ. «Իրաքանչիւրս ի՛ր ոճը ունի, ես առաւելաբար գեղարուեստական աշխարհի վերացական մթնոլորտով տարուած եմ» : Ու իրապէս ան թեւ ու թռիչք տուած է իր վառ երեւակայութեան, մինչ Մարալ Մանիսալեան աշխարհը «բարեկարգելու» իր ազատատենչ գաղափարները (խաղաղութիւն…) կը դրսեւորէ արուեստի իր հմտութեամբ: