ՀՀ ՍՓՅՈՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹՅՈՒՆԸ 5 ՏԱՐԵԿԱՆ Է

 Պատուարժա´ն  Սփիւռքի  նախարարութեան աշխատակազմ,

Ազնուափա´յլ  Տիկ. Հրանոյշ Յակոբեան,

Ջերմագոյն զգացումներով կը շնորհաւորենք ձեզ, Սփիւռքի Նախարարութեան հիմնադրութեան հնգամեայ տարեդարձին առիթով:  Մեր խորին համոզումն է, որ Հայաստան-Սփիւռք կապերու ամրապնդումն ու առաւել սերտացումը միակ գրաւականն են համայն հայութեան ներքին ամրութեան, քանզի մեր փրկութիւնը միշտ ալ մեր ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ  ՈՅԺԻՆ ՄԷՋ  Է:  

Ձեր պաշտօնավարութեան Հնգամեայ շրջանին, Դուք ձեր ժրաջան ամբողջանուէր աշխատանքով նուիրուեցաք Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ կամար ու կամուրջ ըլլալու վսեմ նպատակին կենսագործման:  Ձեզի կը մաղթենք անխոնջ եռանդ ու կորով, յարատեւութիւն, որ ձեր ճիգերը առաւել արդիւնաւորուին, որպէսզի Հայաստան-Սփիւռք միասնականութիւնը ՆՈՐ ՈՐԱԿ ու ՄԱԿԱՐԴԱԿ  ձեռք բերէ, մանաւանդ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի սեմին:

Լաւագոյն զգացումներով եւ յարգանօք՝

Երան Գույումճեան

Խմբագիր ԱԶԱՏ  ԽՕՍՔ-ի

Նիկոսիա-Կիպրոս

Scroll Up